Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2008 - Զօր. Հրանդ Պէյ Մալոյեանի Աճիւներու Փոխադրութիւն Նորակերտ Դամբարան

Դամասկոս, Սուրիա

 
Նախաձեռնութեամբ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Բարեսիրական միութեան,  30 Նոյեմբեր 2008-ի Կիրակին  եղաւ յիշատակութեան ու մեծարանքի օր` համայնքի կարկառուն
 
զաւակներէն ու Սուրիոյ ազնիւ ու սիրուած զինուորականներէն Հրանդ պէյ Մալոյեանի, անոր մահուան 30 ամեակին առիթով: Հրանդ պէյ՝ եղած էր Սուրիոյ ոստիկանական ուժերու գլխաւոր հրամանատարը, ինչպէս նաեւ ծառայած Օսմանեան, ֆրանսական ու Սուրիական բանակներուն մէջ, ապահովելով մեծ վարկ որպէս անբասիր, քաջ հրամանատար:
Ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու ու դամասկահայ ազգայիններէն Հրանդ պէյի ծանօթներու, Գերապատիւ Հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան մատոյց Ս. Պատարագ, ապա հանդիսապետութեամբ համայնքի Առաջնորդ Յովսէփ եպս. Առնաութեանի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն հանգուցեալ զօրավարի յիշատակին: Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ Առաջնորդն ու Բարեսիրական Միութեան անդամները ընդունեցին ցաւակցութիւններ այս առթիւ: Ապա ներկաները ուղղուեցան համայնքի հին •երեզմանատունը, ուր սկիզբ առաւ թափօրը առաջնորդութեամբ Հ.Կ.Մ.-ի պատանիներու ու շեփորախումբին, փոխադրելով հանգուցեալի աճիւնները նորակերտ դամբարան,  նոր գերեզմանատան մէջ:
Գերապայծառ տիրոջ կատարած հանգստեան պաշտօնէն ետք  Սարգիս Պուրունսուզեանը, վարչական Բարեսիրական Միութեան, հրաւիրեց  միութեան ատենապետ՝ ԺոզէՖ Ղազարեանը, որ ներկայացուց լուսահոգի հրամանատարին կենսագրական գիծերը: Պարոն Ժոզէֆ իր խօսքը խորագրելով «Պատիւ արժանաւորաց» յայտնի ասոյթով, ըսաւ թէ համայնքիս բարեջան Առաջնորդ Յովսէփ եպս. Առնաութեան այս սկզբունքը նկատի առնելով որոշեց եւ գործադրութեան դրաւ արժանավայել դամբարանի մը շինութիւնը մեծանուն զինուորականին, որ պատիւը եղած էր Սուրիական հայրենիքին, Հայ ժողովուրդին ու Հայ Կաթողիկէ համայնքին: «Սփիւռքահայութեան պարծանքը եղող այս պատուարժան հայորդին ծնած էր Մուշ 1887-ին ու պատանի տարիքին ուղղամտութեան  եւ հայրենասիրութեան հիմը դրոշմուած էր իր մէջ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան վանքի ընծայարանին մէջ» յիշատակեց ան: Ապա Պրն. Ղազարեանը ներկայացուց զօրավարի կեանքի ու ծառայութեան կարեւոր հանգրուանները, սկսելով թէ ինչպէս ան որպէս Պոլսոյ զինուորական վարժարանէն շրջանաւարտ սպայ ծառայած էր Պաղեստինի թրքական 53-րդ զօրաբժնին մէջ տեղակալի աստիճանով, ապա 1918-ին գերի իյնալով արաբական գունդերուն ձեռքը յաջողած էր փախչիլ եւ Պէյրութի մէջ մաս կազմել հայկական Լէգէոնին: Աչքի զարնելով որպէս ուշիմ ու լեզուագէտ երիտասարդ, Ֆրանսական բանակի մէջ Կիլիկիոյ զինուորական կառավարիչին մօտ եղած էր օգնական ժանտարմըրիի: Ան նաեւ մասնակցած էր Կիլիկիոյ
 
 
ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մանաւանդ Մարաշի ու Ամանոսի մէջ: Կիլիկիոյ ամօթալի պարպումէն ետք անցած էր Սանճաք ու  նշանակուած Ալեքսանտրէթի ժանտարմըրիի հրամանատար, ապա Սանճաքն ալ դաւաճանաբար ֆրանսացիներու կողմէ Թուրքիոյ յանձնումէն ետք,  ծառայած էր այլ վայրերու  մէջ հասնելով մինչեւ   երկրի ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարի աստիճանին: Պրն. Ժոզէֆ նշեց թէ  Սուրիոյ անկախութեան պայքարի շրջանին, Հրանդ պէյ եղաւ այն բացառիկ դէմքը որ կրցաւ պահպանել երկրին կարգն ու կանոնը, պահելով հաւասարակշռութիւնը ֆրանսական հոգատար իշխանութեան եւ արաբ ազգայնականներու միջեւ: Այստեղ Պրն.Ժոզէֆ յիշատակեց կարեւոր դէպք մը: Այդ օրերու Դամասկոսի ֆրանսացի կառավարիչ՝ զօր. Օլիվիէ Րոժէ կ’առաջարկէ Comandant Հրանդին, կազմել գումարտակ մը հայ երիտասարդներէ, լաւ վճարումով, օգտակար ըլլալու Ֆրանսական գրաւման բանակին: Հրանդ պէյ կտրուկ կը մերժէ գաղափարը, ըսելով՝ « Mon gռnռral laissez les armռniens tranquille cette fois»: Այս դիրքաւորումը մեծապէս կը գնահատուի սուրիացի ազգայիններու կողմէ: Անկախութեան շրջանին, նշեց Պրն Ղազարեանը, Հրանդ պէյին, իր ուղղամտութեան ու բարձր կարողութիւններուն շնորհիւ, կը յանձնուի երկրի ներքին ապահովութեան պատասխանատուութիւնը, ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարի աստիճանով: Յեղաշրջումներու շրջանին Հրանդ պէյ, հեռատէս մարդ, յարմար կը տեսնէ հրաժարիլ ու մեկնիլ պատիւներով: Հրանդ պէյի կուրծքը զարդարուած էր բազմաթիւ արժանեաց շքանշաններով ու 1978-ին երբ մահացաւ,   յուղարկաւորութիւնը եղաւ ներկայութեամբ պետական, զինուորական ու հոգեւոր  անձնաւորութիւններու եւ խուռներամ ժողովուրդի:
Ապա խօսք առաւ արաբերէն լեզուով Տոքթ. Նատիմ Շամսինը, դասախօս Սուրիոյ համալսարաններու մէջ ու քաջատեղեակ Սուրիոյ Հայ գաղութի պատմութեան: Ան մեծ դրուատիքով խօսեցաւ հանգուցեալ զօրավարին մասին, մեծապէս գնահատելով համայնքի բարեսիրականի նախաձեռնութիւնը անմար պահելու անոր յիշատակը: Ան նշեց նաեւ Սուրիոյ ծառայած հայազգի այլ կարեւոր անձնաւորութիւններու ու զինուորականներու անունները, շեշտելով թէ անոնց ու մանաւանդ Հրանդ պէյի զոհողութիւններն ու նուիրումը կարեւոր եղած են որպէսզի մենք այսօր այս հայրենիքին մէջ ապրինք խաղաղ ու ապահով: 
Շեփորախումբի նուագի կշռոյթին տակ ներկաները մեկնեցան,  իրականացած տեսնելով Հրանդ պէյի նորակերտ դամբարանը, ուր ան պիտի հանգչի խաղաղութեամբ: 
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ