Երեքշաբթի, 24 Յուլիս 2007 - Հայրապետական Ս.Պատարագ եւ Քարոզ Զմմառու Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի

Հինգշաբթի, 19 Յուլիս 2007ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքը մատուցեց Սուրբ Պատարագ իբրեւ բացում Զմմառու Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին որ պիտի տեւէ մինչեւ 27 Յուլիս եւ որուն ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

Յոյժ Սիրելի Միաբան եղբայրներ,

Սուրբ Աւետարանի պարբերութիւնը որ իմացանք քիչ առաջ կը ներկայացնէ Յիսուսի քարոզչական կեանքին սկիզբը: Ս. Ղուկաս կը շեշտէ հակասութեան մասին որ ստեղծուեցաւ Յիսուսի անձին շուրջ: Մինչ մէկ կողմէն կ’ըսէ՝ «Անոր համբաւը շուտով տարածուեցաւ այն շրջանի բոլոր կողմերը» (4,22բ.) միւս կողմէն ժողովուրդի մերժումը կը նկարագրէ ըսելով՝ «Միթէ ասիկա Յովսէփի որդի չ՞է» եւ կ’աւելցնէ «ամէնքը բարկութեամբ լեցուեցան» (4,28բ.): Միակ անգամը չէ որ հրեաները կը բաժնուէին Յիսուսին մասին, ըստ աւետարաններու բազմաթիւ վկայութիւններու:

Յիսուս Իր Մեսիանական առաքելութիւնը կը զրուցէ, ժողովարանին մէջ կարդալով Եսայի Մարգարէին խօսքը ուղղուած աղքատներուն, գերիներուն, կոյրերուն եւ հարստահարուածներուն: Յիսուս այսպիսի տկարներուն եւ մեղաւորներուն համար եկած է: Ով որ այս չորս տեսակ մարդոց չի պատկանիր, կարծէք Յիսուս իրեն համար չէ եկած:
 
Աղքատները միշտ ունինք մեր շուրջ: Գերութիւնը եթէ ջնջուած է այսօր կառավարութիւններու կողմէ, եւ սակայն քանիներ գերի են դրամի, պատիւի, աւելի բարձր դիրքի հասնելու, առանց խօսելու անոնց մասին որ գերի են մոլութիւններու՝ խմելու, ծխելու եւ ապօրէն հաճոյքի:
Եթէ հարցին խորը նայինք, կը նշմարենք որ մեզմէ ամէն մէկը բանի մը գերի է: Նոյնպէս ամէն մէկը աղքատ է, այսինքն իր կարիքները լիովին չէ յագեցուցած՝ իրեն բան մը կը պակսի աղքատի նման: Նմանապէս կոյր է ան որ չի տեսներ Աստուծոյ բարութիւնը եւ իրեն պարգեւած շնորհքները: Կը նմանի այն մարդու որուն աչքերը գոց են, կամ ֆիզիքապէս կոյր է եւ չի տեսներ արեւին լոյսը:

Յիսուս գիտէ մեր տկարութիւնները, մեր խեղճութիւնները, մեր դժգոհութիւնները, մեր ցաւերը: Զանոնք կը յիշատակէ, ոչ թէ մեզ խոնարհեցնելու համար, այլ անոնց նկատմամբ լուծումը մեզի ցոյց տալու համար: Ինքը՝ Յիսուս լուծումն է մեր բոլոր ցաւերուն: Յիսուս եկած է մեզի խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն բերելու: Այս է Յիսուսի առաքելութիւնը: Ս. Ղուկաս «շնորհքի տարի» կը հռչակէ զայն, որ հրեաները կը տօնէին յիսուն տարի անգամ մը, երբ ամէն տեսակ պարտք կը ջնջուէր եւ ամէն մարդ լիուլի ազատ կը դառնար, երջանիկ կը դառնար, իր ուսերէն ծանր բեռ մը վերցուած ըլլալուն համար:

Միթէ այս չ՞է առաքելութիւնը որուն համար քահանայ օծուեցանք շարունակելու համար Յիսուսին առաքելութիւնը, մանաւանդ մեր հայ Ազգի զաւակներուն մօտ: Բայց պայման է, որ Տիրոջ Հոգին մեր վրայ ըլլայ, ինչպէս որ եղաւ Յիսուսին: Արդե՞օք պիտի հասնի օրը երբ կարենանք Յիսուսի նման հռչակել. «այսօր, այս գրուածքը իրականացաւ» (4,21): Այս գրուածքը իսկապէս կ’իրականանայ ամէն անգամ որ քարոզենք Աւետարանը աղքատներուն, երբ զանազան աղտերէն տառապած մարդոց ազատութիւն աւետենք, երբ մարդոց աչքերը բանաք Աստուծոյ պարգեւներուն վրայ: Սպանիացի մտաւորական մը կ’ըսէր. «եթէ Աստուծոյ բարիքները համրեմ, Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու համար, օրուայ ժամերը չեն բաւեր»: Այս մտաւորականին աչքերը բաց էին եւ միտքը արթուն էր, որ կարողացաւ այսպէս արտայայտուիլ: Երանի անոր:

Կը պատահի որ մարդիկ մեզ գովեն եւ մեզ գնահատեն մեր կատարած բազմաթիւ ծառայութիւններուն համար, մեր անձնուիրումին համար: Բայց պիտի գտնուին նաեւ մարդիկ որ բարկութեամբ պիտի լեցուին մեզի դէմ եւ մեզ քննադատեն: Կարելի չէ ամէն մարդ գոհացնել: Նոյնը պատահեցաւ Յիսուսին: Երբեմն մեզմէ ոմանք կը փնտռեն մարդոց գնահատութիւնը, չ’ըսելու համար որ այդ գնահատութեան գերի դարձած են, եւ չեն յանդգնիր այլեւս ճշմարտութիւնը ըսել այսպիսի մարդոց, որոնք ամէնէն աւելի այդ ճշմարտութեան կարիքը ունին իրենց կեանքի կապանքներէն եւ դժուարութիւններէն ձերբազատուելու համար:

Սիրելի եղբայրներ,
Յիշենք մեր ձեռնադրութեան օրուայ հոգեպարար պահը եւ աշխատինք թարմացնել մեր յիշողութիւնը մեր քահանայութեան առաջին օրերուն, առաջին ամիսներուն մասին մեր հոգեվիճակը, որպէսզի վերանորոգուինք եւ որպէսզի հոգեպէս երիտասարդանանք: Ցնորք մի՛ նկատէք ասիկա: Յիշենք որ Ս. Հոգին որ մեր վրայ հանգեցաւ ձեռնադրութեան օրը եւ որ կը նորոգէ երկրին երեսը, ինչպէս Ս. Գիրքը կ’ըսէ, կարող է մեզ նորոգելու ամէն օր, որպէսզի Յիսուսի վսեմ առաքելութեան մասնակից դառնանք հաւատարմութեամբ եւ ուրախութեամբ : Ամէն:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ