Sermons Sermons
Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2006 - Մայիս ամսուայ փակումը - Ս.‎ Աւետման Եկեղեցի

Յոյժ Սիրելի Աստուծամօր բարեպաշտ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ահ՛ա Մայիս ամսուայ վերջին օրուան հասած ենք: Ամբողջ ամիսը հաւատարմաբար եկաք եւ աղօթեցիք Ս. Կոյս Մարիամին, դիմեցիք իրեն, ապահով ըլլալով որ ան ձեր մայրն է՝ միշտ ձեզի հետ է, ձեզ կը պաշտպանէ եւ ձեզի համար կը բարեխօսէ: Ասոր համար ալ դուք սիրով եւ յոյսով միշտ ապաւինած էք իրեն:

Անցեալ շաբաթ բախտաւորութիւնը ունեցայ Լուրտի սրբավայրը այցելելու եւ հրաշագործ քարայրին մէջ Ս. Պատարագը մատուցանելու մեր համայնքի ուխտաւորներուն հետ: Մեծ շնորհք համարեցի զայն, քանի հոն է որ Աստուածամայրը երեւցաւ եւ ինքզինք յայտնեց փոքրիկ Բեռնադէթին որպէս Անարատ Յղացեալը, ու ձգեց մեզի շահեկան պատգամներ՝ աղօթք եւ ապաշխարութիւն: Աստուած պարզ ու խոնարհ անձեր կ‏’ընտրէ իր խօսքը մեզի հաղորդելու համար: Աշխատեցէք այդ անձերը ըլլալու՝ ձեր յարաբերութեանց մէջ Աստուծոյ ու մարդոց հետ, եւ սքանչելիքներ պիտի տեսնէք:

Աստուած ինքզինք խոնարհ հոգիներուն կը յայտնէ: Երանի՛ անոր որ կ‏’ըմբռնէ Աստուծոյ պատգամը, որովհետեւ շատեր զայն կը շօշափեն բայց չեն հասկնար, անոր քովէն կ‏’անցնին եւ անկէ չեն օգտուիր: Երանի՛ անոր որ գիտէ զանազանել աստուածայինին եւ մարդկայինին միջեւ եւ ընտրել էականը եւ ոչ անցողականը, ընտրել անանցելին եւ ոչ ճշմարտութեան երեւոյթը: Եւ երանի՛ պարզ հոգիներուն, որոնք կը համապատասխանեն Աստուծոյ շնորհքին եւ չեն գայթակղիր, կը հետեւին Աստուծոյ ձայնին եւ չեն վարանիր: Անոնք Բեռնադէթի նման՝ պարզ ու խոնարհ, կը հաւատան աստուածային խօսքին, որ կը թափանցէ անոնց սիրտը եւ զայն կը բեղմնաւորէ: Իսկ անոնք, որոնց սիրտն ու խելքը զբաղուած են այլեւայլ ծրագիրներով, չեն ընբռներ Աստուծոյ խօսքը, որ սակայն կ‏’ուզէ իրենց պարգեւել երջանկութիւնը:

Բայց ին՞չու համար ոմանք կը համապատասխանեն Աստուծոյ ձայնին եւ ուրիշներ ոչ: Ին՞չու պարզ հոգիները աւելի ընդունակ են աստուածային պատգամին եւ կարողները ու խելացիները զայն դիւրաւ չեն ըմբռներ: Ի՞նչու համար: Որովհետեւ ճարպիկ մարդիկ շատ աւելի կարեւորութիւն կ‏’ընծայեն իրենց գաղափարին քան Աստուծոյ խօսքին: Ս. Գիրքը այս կարեւոր հարցումին յաճախ պատասխանած է այս նշանակալից խօսքերով. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, Իր շնորհքը կու տայ խոնարհներուն», ինչպէս էր Բեռնադէթը եւ ուրիշ շատեր: Հա՞սկցաք հիմա ինչու համար Աստուած պարզ հոգիներ կ‏’ընտրէ, որովհետեւ անոնք անմիջապէս կը հաւատան իր խօսքին եւ զայն կը գործադրեն, ի գին ամէն տեսակ նեղութիւններու եւ հակառակութիւններու, ինչպէս որ պատահեցաւ փոքրիկ Բեռնադէթին: Դուք անպատճառ կարդացած էք անոր կեանքը եւ անդրադարձած պէտք է ըլլաք անոր միամտութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոր կրած տառապանքներուն, անհասկացողութեան պատճառով՝ ըլլայ իր շրջանակէն, ըլլայ տեղւոյն իշխանութենէն:

Որքան որ մէկը փոքրիկ է իր աչքին առջեւ, նոյնքան մեծ է Աստուծոյ առջեւ որքան պարզ է եւ անկեղծ՝ այնքան Աստուած անոր կը շնորհէ աստուածային իմաստութիւնը: Աստուած ամէն դարուն եւ ամէն սերունդին մէջ այսպիսի հոգիներ կը փնտռէ: Իսկ անոնք որոնց սիրտը լեցուն է արդէն մարդկային ծրագիրներով, կրնան յաջողիլ իրենց գործին մէջ, բայց տեղ չեն ձգեր Աստուծոյ փրկաւէտ ծրագիրներուն, որոնք կ‏’ուզեն նպաստել թէ անոնց եւ թէ ուրիշներուն փրկութեան եւ երջանկութեան: Ասոնք կը մտահոգուին մարդկային անցողակի իրագործումներ ու յաջողութիւններ կատարելու, եւ սակայն միշտ անյաք կը մնան եւ երջանկութիւնը չեն վայելեր, ինչպէս կրնանք նշմարել:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս օրերս Համբարձման շրջանը կ‏’ապրինք, որ մեզ կը պատրաստէ Ս. Հոգւոյն գալուստին: Համբարձման շրջանը ուրախութեան շրջան մըն է, որովհետեւ ան մեր հաւատքը կը զօրացնէ: Եւ ինչպէս առաքեալները դիտեցին Յիսուս երկինք բարձրանալը, նոյնպէս մենք պարտինք մեր ամբողջ ուժով ձգտիլ դէպի երկինք: Հոն է մեր վախճանը, հոն է մեր փրկութիւնը, հոն է մեր երջանկութիւնը: Մեր առօրեայ գործը պէտք չէ մեզի մոռցնել տայ մեր կեանքին նպատակը: Այլ՝ մեր առօրեան ապրի՛նք փնտռելով եւ կատարելով Աստուծոյ կամքը: Պէտք չէ բաժնել ոմանց պէս ներկայ կեանքը ապագայ կեանքէն: Անոնք իրարու հեր սերտ կերպով կապուած պէտք է ըլլան: Երկինք երթալու փափաքը պէտք է խթանը ըլլայ մեր բոլոր գործերուն ու ծրագիրներուն: Ով որ ապագայ կեանքի յոյսը չունի, աննպատակ անձ կը դառնայ, եւ իր յաջողութիւններն իսկ զինք չեն գոհացներ :

Ընդհակառակն, մենք՝ հաւատացեալներս, նպատակ ունինք, յոյս ունինք եւ ապահովութիւնը ունինք որ մեր կեանքը հոս չի վերջանար, որովհետեւ Յիսուս մեզի համար բացաւ երկնքի դռները եւ մեզ հրաւիրեց իրեն հետեւելու: Արդէն, մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները այս ճամբան բռնեցին 91 տարի առաջ, փայլուն եւ խօսուն օրինակ մը ձգելով մեզի: Անոնք չսխալեցան, ասոր համար անոնց փառապանծ յիշատակը կ‏’ոգեկոչենք ամէն տարի: Սիրելիներս, աստուածամօր մայրական գուրգուրանքին ապաւինի՛նք եւ քաջաբար ապրի՛նք մեր քրիստոնեայի եւ հայու կեանքը, եւ պիտի արժանանանք երկնքի արքայութեան մեր հարազատներուն հետ, որոնք մեզ հոն կանխեցին: Ամէն:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ