Երկուշաբթի, 13 Յունիս 2011 - Եկեղեցիներու տիեզերական խորհուրդի Հոգեգալուստի պատգամը


Հռոմ

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Եկեղեցիներու տիեզերական խորհուրդը պատգամ մը ուղղեց Հոգեգալուստի տօնին առիթով, 12 յունիս 2011-ին։
Պատգամին մէջ կը նշուի, թէ Հոգեգալուստի տօնը՝ իւրաքանչիւր եկեղեցական հասարակութեան եւ ամէն մէկ անհատի համար նոր առիթ մըն է, հաղորդութեամբ ու գովասանքով ապրելու սուրբ Հոգիի գալստեան շնորհքները:
Պատգամը կը յորդորէ հաւատացեալները նորոգել վստահութիւնը Հոգիի զօրութեան, անոր աղօթելով որպէսզի «նոր շունչ պարգեւէ Եկեղեցւոյ, նորոգելով զայն եւ տալով քաջութիւնը, ըլլալու՝ այս տառապեալ աշխարհի մէջ, Խաչի ու Յարութեան նահատակներ, ու արդարութեան, խաղաղութեան եւ յոյսի վկաներ։
Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդը, ապա կը հաստատէ թէ՝ սուրբ Հոգին մարդոց կը յայտնէ Քրիստոսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ։ Սուրբ Հոգին նաեւ կը մասնակցի Քրիստոսի փրկագործ ծրագրին, արտայայտելով՝ աստուածային զօրութիւնը, մարդոց համար, շատ անգամ անըմբռնելի միջոցներով։
Պատգամը ի վերջոյ կը յիշեցնէ թէ՝ Հոգեգալստեան շնորհքի ուժը, որ տրուեցաւ առաջին առաքեալներուն, Աւետարանը հռչակելու շնորհքն էր համայն մարդկութեան փրկութեան համար, ու շարունակելու աշխարհի վերանորոգումի ծրագիրը, որ սկսաւ Քրիստոսով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ