Հարիսա, Լիբանան
Լիբանանի մէջ կայացած «Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցները որպէս Աւետարանութեան, Երկխօսութեան ու Խաղաղութեան միջոցառում» ուսումնաժողովի չորրոդ եւ վերջին նիստը ունեցաւ որպէս նիւթ «Կազմաւորումը ու Ապագայի Հեռանկարները»։ Այդ ուղղութեամբ ելոյթ ունեցաւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը` Գերերջանիկ ֆուատ Թուալ խօսելով «Ընկերային Հաղորդակցութեանց Կազմաւորուման Անհրաժեշտութիւնը Դպրեվանքերու ու Աստուածաբանական Համալսարաններուն մէջ» նիւթին մասին։
Իսկ Փրոֆեսոր Մասսառա իր կարգին շօշափեց հետեւեալ նիւթը. «Յիսուսի Մեթոտը Աւետարանի Պատգամը Հաղորդելու Բոլոր Ազգերուն. Ի՞նչ Ընել Այսօր» նիւթին մասին։
Թղթատարութիւն Ռոպէր Աթթարեանի Լիբանանէն`
http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=581775