Պ Ա Տ Գ Ա Մ
ԳԵՐՊ. ՅՈՎՍԷՓ Թ.Ծ.Վ. ՔԷԼԷԿԵԱՆԻ
Առաջնորդի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
յԵրուսաղէմ եւ ի Յորդանան
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Երուսաղէմ, 8 Ապրիլ 2012
«Ինչո՞ւ կը փնտռէք ողջը` մեռեալներուն մէջ»
Սիրելի եւ պատուական եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատացեալ հայ կաթողիկէ ժողովուրդ,
Որ ի Սուրբ Քաղաքն Երուսաղէմ եւ ի Յորդանան.
Այս խօսքերով է, որ հրեշտակները կը յանդիմանեն կիները որոնք եկած էին թաղուած Քրիստոսի մարմինը զմռսելու, անոր թաղումէն երկու օր վերջ։ Մեռած մարդու մը հանդէպ վերջին իրենց յարգանքի տուրքը կ'ուզեն մատուցանել, որով շաբաթ օրուայ հանգիստի օրէնքին հետեւողութեամբ` անոնք նախապէս չէին կարողացած այդ կարեւոր պարատականութիւնն իրագործել։
Անոնք նախ կը զարմանան, գերեզմանը բաց գտնելով եւ ապա` ապշահար կը մնան ու չեն հասկնար այդ երկու ճերմակազգեստ անձերուն խօսքը: Անոնք արդեօ՞ք մարդիկ են թէ երկնային արարածներ: Իսկ ի՞նչ կ'ուզեն հասկցնել իրենց այդ խօսքերով, իրենք ականատես եղան Յիսուսի մահուան եւ գիտեն թէ այդ գերեզմանի մէջ դրուած անձը իր վերջին շունչը տուաւ երեք օր առաջ` խաչին վրայ։
Սակայն երբ հրեշտակները կը յիշեցնեն իրենց Յիսուսի խօսքերը, երբ տակաւին իրենց հետ էր, անոնք կը սթափին: Ճիշդ է, Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, ան նաեւ ստեղծողն է բոլոր արարածներուն: Կեանքի պարգեւատուն չի կրնար մեռնիլ։ Արդեօ՞ք կիները հասկցան այս բոլորը: Անշուշտ ոչ ամբողջովին, սակայն հաւատարմութեամբ գացին եւ իմաց տուին առաքեալներուն։
Այսօր մենք եւս յաճախ, այս կիներուն նման, կը փնտռենք Յիսուսը հոն ուր չէ. Նիւթական գործերու մէջ թաղուած, մեր զբաղումներուն գերի դարձած, նկատի չենք ուզեր առնել թէ մեր այս կեանքը խափուսիկ է, ամէն ինչ վերջ պիտի ունենայ, սակայն մեզի կը սպասէ նոր կեանք մը որուն միայն հաւատքով կրնանք մօտենալ։
Փակենք րոպէ մը մեր աչքերը եւ գոցենք մեր ականջները աշխարհի բոլոր ձայներուն, խնդրելով որ Տէրը լսելի ընէ մեզի Իւղաբեր կիներուն երեւցած ճերմակ հագուստով մարդոց ձայնը: Ան մեզ կը յիշեցնէ, մասնաւորապէս այս սուրբ օրերուն, թէ գոյութիւն ունի կեանք մը, որուն մենք քրիստոնեաներս կը ձգտինք, կեանք մը յաւիտենական որուն սահմանուած է ամէն անձ, պայմանաւ որ հաւատայ թէ Քրիստոս մեր տէրը յարութիւն առաւ մեռելներէն, եւ թէ ինք, որ անդրանիկն է յարուցեալ մարդկութեան, մեզ կ'առաջնորդէ այս աշխարհի խոչընդոտներուն մէջէն եւ եթէ հաւատարմաբար իրեն հետեւինք, պիտի յաջողինք հասնելու այդ նոր կեանքին, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` յաւիտենական երջանկութիւն։
Ի՞նչն է, որ մարդուս կու տայ յոյս այս կեանքին մէջ: Արդեօ՞ք դրամատան մէջ իր զետեղած գումարը, իբրեւ հեռատես ապագայի մը ապահովութիւն. իր բժշկական ապահովագրութի՞ւնը, որով կը կարծէ առաջքն առած ըլլալ ամէն անակնկալի. իր ընտանիքի սէ՞րը, որով կը զգայ թէ ինք լքուած չէ այս աշխարհի վրայ։ Այս վերջինը տակաւին ամէնէն յուսատու խարիսխն է, որուն կրնայ կապուած ըլլալ անձ մը։
Իսկական ապահովութիւնը մեր կեանքին չի կայանար այս բոլորին մէջ. եթէ բաւարարուինք անոնցմով, կ'ըլլանք անհեռատես եւ անպատրաստ դիմագրաւելու կեանքի այլեւայլ փորձանքները, եւ անոնց մեծագոյնը` որ է անցքը դէպի անդենական աշխարհ, նման յիմար կոյսերուն` որոնք տեսնելով թէ իրենց ճրագը տակաւին վառած է, փոյթ չեն ըներ ապահովելու աւելորդ ձէթ` հարսանեկան ապագայ խնճոյքին համար։
Եթէ մինչեւ հիմա տակաւին չենք սթափած մեր թմրութենէն եւ չենք թօթափած մեր վրայէն այն ամէն ինչ որ նիւթական է եւ կապուած աշխարհի, կը նշանակէ թէ կը գտնուինք գերեզմաններու մէջ, ու կը փնտռենք Յիսուսը մեռեալներուն մէջ: Աշխարհը` իր բոլոր հրապոյրներով հանդերձ, ուրիշ բանի չի տանիր եթէ ոչ գոց գերեզմաններու, որոնք յուսալքում միայն կրնան յառաջացնել նոյնիսկ ամէնէն իմաստուն մարդոց վրայ, եւ ուր` աւելորդ է փնտռել որեւէ կեանք ու կենսունակութեան նշոյլ։
Ուստի եկէք, սիրելի հաւատացեալներ, փնտռենք Յիսուսը հոն ուր որ է իսկապէս: Փնտռենք զինք մեր ընկերոջ անձին մէջ, որով եթէ բարիք ընենք մէկու մը, Յիսուսին ըրած կ'ըլլանք: Փնտռենք զինք Եկեղեցւոյ մէջ, որով ան հաստատեց սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, որպէսզի մեր մէջ բնակի: Փնտռենք զինք իր սուրբ Տաճարին մէջ, հաւատացեալներու միջեւ, որով ինք ըսաւ` եթէ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես պիտի ըլլամ անոնց միջեւ։ Ի վերջոյ փնտռենք նաեւ զինք մեր սենեակի առանձնութեան մէջ, հեռու ամէն աղմուկէ եւ ժխորէ, որպէսզի կարենանք լսել իր ձայնը յստակ կերպով` մեր սրտերուն մէջ։
Մի փնտռէք այլեւս ողջը մեռելներու մէջ: Ձայնակցեցէ՛ք այսօր եւ ընդմիշտ մեր սուրբ Եկեղեցւոյ կենաց այս հզօր մաղթանքին:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. ան իր մահով` յաղթահարեց մահը եւ իր յարութեամբ մեզի նոր կեանք պարգեւեց. օրնեալ ըլլայ Քրիստոսի յարութիւնը։ Ամէն։