Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրոs, կիրակի, 8 յունիս 2014, երեկոյեան ժամը 7-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Երկիրի խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի հանդիպում մը, մասնակցութեամբ Իսրայէլի նախագահ` Շիմոն Փերեսի եւ Պաղեստինի նախագահ` Մահմուտ Ապպասի, անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւններուն եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին։
Այս պատմական հանդիպումին կատարուեցան աղօթքներ միաստուածեան երեք կրօններու ծէսերով` հրեայ, քրիստոնեայ եւ սլամ կրօններուն համաձայն։ Իւրաքանչիւր կրօնի ներկայացուցիչը աղօթեց՝ Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան պարգեւը։
«Խաղաղութիւնը կերտելու համար աւելի քաջութիւն պէտք է քան պատերազմ մղելը: Քաջութիւն պէտք է այո՛ ըսելու հանդիպման եւ ո՛չ հակամարտութեան. այո՛ ըսելու երկխօսութեան եւ ո՛չ բռնութեան. այո՛ ըսելու բանակցութեան եւ ո՛չ թշնամութեան. այո՛ անկեղծութեան եւ ո՛չ երկդիմութեան: Այս բոլորը կը պահանջեն քաջութիւն եւ մեծ ուժով ոգի մը» ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ:
Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահները իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին խաղաղութեան հրամայականը եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատման համար մեծ ջանքեր թափելու անհրաժեշտութիւնը:
Աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը, Բարթողոմէոս Ա. պատրիարքը եւ երկու նախագահները առանձին հանդիպում մը ունեցան: