Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2013 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը դատապարտէ իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը
Պէյրութ
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ կիրակի՝ 17 նոյեմբերին մեկնած էր Հռոմ, Վատիկանի մէջ մասնակցելու համար Արեւելեան Եկեղեցիներու լիագումար նիստին, ապա Արեւելքի Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերուն՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած խորհրդակցական հանդիպումին եւ հուսկ՝ Հաւատքի Տարուան եզրափակիչ արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 նոյեմբերին «Սուրբ Պետրոս» հրապարակին վրայ, Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, երեքշաբթի երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ։
Այսօր, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Րոքոն Ապատիին հետ, բուռն կերպով դատապարտելու համար 19 նոյեմբերին Ժնահի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքը, որուն թիրախը իրանեան դեսպանատունն էր եւ որ պատճառեց բազմատասնեակ զոհեր ու վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական ծանր վնասներ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խորազգած ցաւակցութիւնները փոխանցեց դեսպանին՝ ահաբեկչական արարքին պատճառած զոհերուն համար, վստահեցնելով որ տմարդի այս արարքը ուղղուած էր ամբողջ Լիբանանին եւ անոր ապահովութեան դէմ։ Եւ վերջապէս, Հոգեւոր Տէրը շեշտեց օրինական բոլոր միջոցներով նման չարիքներուն առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնը։
|