Վատիկան
«Այն պարագային, որ Սրբազան Քահանայապետը հրաժարի իր պաշտօնէն, վաւերականութեան համար հարկ է որ այդ հրաժարականը ներկայացուի ազատ կամքով եւ կանոնաւորապէս յայտարարուի, հրաժարականը ոչ մէկէն վաւերացուելու է», եկեղեցական կանոնագիրքի 332-րդ կանոնի այս 2-րդ հատուածի համաձայն, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 11 փետրուարին, կարդինալական խորհրդաժողովի ընթացքին, անակնկալօրէն ներկայացուց իր հրաժարականը զարմանքի եւ անակնկալի մատնելով կառավարութիւններ, Վատիկանի հարցերու դէտեր եւ նաեւ իր իսկ ամէնէն մտերիմ գործակիցները։
Բենեդիկտոս ԺԶ. յաջորդելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին, Սուրբ Պետրոսի գահը բարձրացաւ կարդինալներու դասի կամքով` 19 ապրիլ 2005-ին եւ գրեթէ 8 տարիներէ ի վեր մեծ քաջութեամբ եւ նուիրումով կը կառավարէ տիեզերական Եկեղեցին` դիմագրաւելով Եկեղեցւոյ կեանքին հայող ծանր հարցեր, գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններ եւ մարտահրաւէրներ։
Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի այս որոշումը աննախադէպ նկատուած է տրուած ըլլալով որ քահանայապետի մը հրաժարականի վերջին դէպքը տեղի ունեցած էր 1415-ին Կրէկուար ԺԲ. քահանայապետի հրաժարականով։
Սուրբ Աթոռի բանբեր` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յատարարութեամբ, նոր Քահանայապետի ընտրական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Զատկուայ տօներէն առաջ։ Հայր Լոմպարտին մամուլի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ընդգծած է նաեւ թէ «Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի այս որոշումը «մեծ քաջութեան» եւ «վճռականութեան» ցուցանիշ է եւ թէ Սրբազան Հայրը հրաժարականը ներկայացուցած է ոչ թէ առողջական պատճառներու համար այլ միայն յառաջացած տարիքի հետեւանքով, ուժերու եւ կորովի պակասի պատճառաւ, Սրբազան Քահանայապետի յայտարարութեամբ, «կեսունակութեան նուազեցումն» է որ զինք մղած են առնելու այս քայլը «Եկեղեցւոյ բարիքին համար»։
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցած հրաժարականին ի լուր, աշխարհի բոլոր կողմերէն, եկեղեցական, քաղաքական եւ քաղաքացիական բարձրաստիճան իշխանութիւններ զարմանքի առաջին արտայայտութիւններէ ետք երախտական խօսքեր ուղեցին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, Անոր եկեղեցւոյ ի սպաս տարած գնահատելի եւ վեհանձն աշխատանքին ու նաեւ վերոյիշեալ կարեւոր ու իմաստալից որոշումին ի տես։ Ասոնց շարքին է նաեւ Սրբազան Քահանայապետի երէց եղբայրը Կէորկ Ռացինկէր որ սոյն որոշումը նկատեց «բնական հոլովոյթի» մը մաս կազմող իրողութիւն։
Օպամա, Մերքել, Հոլլանտ, Նափոլէթանօ եւ այլ երկիրներու քաղաքական պետեր, ինչպէս նաեւ այլ կրօնական պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նշենք Իսրայելի Ռաբունապետը, Ալ Ազհար Համալասրանի Մուֆթի, Բարթողոմէոս Ա եւ Համայն Ռուսիոյ Շիրիլ Բ. պատրիարքը, դրական յայտարարութիւններով հադէս եկած են։
Սրբազան Քահանայապետը մարտ 1-էն սկսեալ կը փոխադրուի Գասդել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոց եւ ապա, քահանայապետական ընրտրութիւններէ ետք պիտի վերադառնայ Վատիկան, ուր բնակութիւն պիտի հաստատէ Վատիկանի Փակեալ կրօնաւորուհիներու միաբանութեան մօտ։
http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=664203