Sermons Sermons
Ուրբաթ, 16 Մարտ 2007 - Քառասնորդաց Պատգամ Լիբանանի Երիտասարդութեան

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  առաջին անգամ ըլլալով Քառասնորդացի առթիւ իր Հայրապետական պատգամը կը փոխանցէ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ երիտասարդութեան:Կը յիշեցնենք թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին տարիներէ ի վեր կը նշէ Ծաղկազարդի օրը  իբրեւ Համաշխարհային Երիտասարդական Օր:

Սիրեցեալ Երիտասարդներ եւ Երիտասարդուհիներ,

Քառասնորդաց շրջանը յատուկ ժամանակ մըն է եկեղեցական տարեցոյցին մէջ, որովհետեւ ան կը վերանորոգէ ձեր Մկրտութեան Խորհուրդին իմաստը, ձեր քրիստոնեայ ըլլալը: Արդարեւ, այդ շրջանին է որ երախաները՝ այսինքն Սուրբ Մկրտութիւնը ստանալու թեկնածուները, կ’ընդունէին վերջին պատրաստութիւնները, մօտենալէն առաջ Սուրբ Աւազանին՝ դառնալու համար Աստուծոյ զաւակ, Եկեղեցւոյ անդամ եւ Սուրբ Հոգիին բնակարան:

Ձեզի համար, որ մանուկ մկրտուած էք, Քառասունքի շրջանը յիշեցումն է Յիսուսի քառասնօրեայ ծոմապահութեան անապատին մէջ եւ Անոր 3 փորձութիւններուն՝ Սատանայի կողմէ: Փոքր տարիքէն գիտէք, որ Քառասունքի ատեն Եկեղեցին ձեզ կը հրաւիրէ որոշուած քանի մը օրերուն ծոմ պահելու եւ Ճանապարհ Խաչիի արարողութեան մասնակցելու: Այս ընդունելի շրջանին, ոմանք կը զրկուին իրենց սիրած կերակուրներէն, ուրիշներ ողորմութիւն կ’ընեն աղքատներուն: Մէկ խօսքով, Քառասնորդաց շրջանը դարձ մըն է դէպի Աստուած, մանաւանդ աղօթքով,  ողորմութեամբ եւ ծոմապահութեամբ:

Բայց որպէսզի կարենաք ապրիլ այս դարձի շրջանը պէտք ունիք հանդիպելու Քրիստոսին՝ խորհրդածութիւններու, աղօթքի եւ մանաւանդ Սուրբ Գիրքի ընթերցումին միջոցաւ: Պէտք ունիք համոզուելու, որ կարելի է այսօր, ներկայ պայմաններով, ապրիլ քրիստոնեայ հաւատքը, որ կարող է երաշխաւորել ձեր կեանքին իսկական երջանկութիւնը: Այս իմաստով, ունիք վկայութիւնը Ս. Կիպրիանոսին, որ կը գրէ. «Ես Աստուծմէ հեռու էի, որովհետեւ Աստուած տեսանելի չէ: Երբ ճանչցայ քրիստոնեայ կրօնքը, կարծեցի թէ անկարելի է զայն իրագործել ներկայ աշխարհին մէջ: Բայց երբ հանդիպեցայ քանի մը համոզուած քրիստոնեաներու ու սկսայ անոնց աւելի մօտենալ, առաջնորդուեցայ երախայից ճամբային, որ է դէպի Աստուծոյ դարձի ուղեւորութիւն մը, եւ կամաց կամաց համոզուեցայ թէ կարելի է քրիստոնէաբար ապրիլ: Ու հիմա երջանիկ եմ, որովհետեւ գտայ կեանքիս իմաստը եւ հասկցայ թէ նախորդ կեանքս ճշմարիտ կեանքը չէր»:

Շատ կարեւոր է, որ դուք՝ երիտասարդ երիտասարդուհիներ, կարենաք հանդիպիլ ճշմարիտ քրիստոնեաներու՝ ձեզի տարեկից կամ ձեզմէ տարեց, որոնց միջոցաւ կարենաք համոզուիլ, որ քրիստոնեայ կեանքը թէ տրամաբանական է եւ թէ կարելի է այսօր ապրիլ: ֆրանսացի մտաւորական՝ Բասքալ, հետեւեալ խրատը կու տայ իր անհաւատ բարեկամին. «Ջանացի՛ր  ընել ինչ որ հաւատացեալները կ’ընեն: Այս փորձառութիւնը քեզի պիտի սորվեցնէ, որ քրիստոնեայ կրօնքը տրամաբանական է եւ իրական»:

Նոյնը կը պատահի Քառասնորդաց շրջանին: Կ’անդրադառնաս որ կարողութիւն չ’ունիս ապրելու իբր քրիստոնեայ հարիւր տոկոսով, առանց տարակոյսներ ունենալու եւ մեղք գործելու: Պէտք է ընդունիս, որ տակաւին նպատակին չես հասած, տակաւին ճամբու վրայ ես եւ դեռ շատ պէտք ունիս սորվելու եւ յառաջդիմելու: Պէտք ունիս դարձի գալու՝  կամաց կամաց:  Դարձը դէպի Աստուած ամենօրեայ մտազբաղումդ թող ըլլայ, բան մը, որ պիտի կատարես համբերութեամբ՝ մի քիչ ամէն օր: Ընդունէ՛ որ չես կրնար մէկ անգամէն ճշմարիտ քրիստոնեայ դառնալ: Այսուհանդերձ, կ’արժէ յառաջանալ եւ յարատեւել դարձի ճամբուն մէջ, որ շատ անգամ դիւրին չէ: Ոմանք շուտով կը յուսահատին եւ կը փորձուին ամէն ինչ լքել: Գիտես ու՞ր կը հասնին. կեանքի լուրջ տագնապի կը հասնին, որ տխրութիւն յառաջ կը բերէ: Ասոր համար պէտք չէ բնաւ յուսահատիլ, այլ քաջաբար կրկին  ու կրկին սկսիլ, ապահով ըլլալով, որ Քրիստոս քեզի կ’առաջնորդէ: Քրիստոս գթառատ է եւ Անոր ներումին վրայ վստահելով, քու ուղեւորութիւնդ պիտի շարունակես եւ, քու կարգիդ, դուն ալ ներողամիտ պիտի գտնուիս ուրիշներուն հանդէպ եւ պիտի կարենաս ներել անոնց յանցանքները: Այս ձեւով է որ պիտի սորվիս իսկական եղբայրասիրութիւնը բոլորին նկատմամբ: Այս ձեւով է որ հաստատ պիտի պահես քու սրտիդ մէջ յոյսը, որ քեզ պիտի մղէ միշտ յառաջդիմելու: Այս հաւատքի ուղեւորութեան ընթացքին դուն առանձին չես, Եկեղեցին քեզի կ’ընկերակցի իր աղօթքով:

Աստուած ստուեր մը չէ, էակներու «Առաջին Պատճառ»ը չէ: Աստուած դէմք մ’ունի՝ գթութեան, ներումի եւ սիրոյ դէմք: Աստուծոյ կենդանի դէմքը Յիսուս Քրիստոսն է: Իրմով աստիճանաբար պիտի ճանչնաս Աստուծոյ հայրական գուրգուրանքը քեզի հանդէպ: Եթէ ըմբռնես որ Յիսուս մեծ մարգարէ մը չէ միայն, պատմութեան կարեւոր անձնաւորութիւն մը չէ միայն, այլ՝ նոյնինքն Աստուած է, այն ժամանակ աւելի լաւ պիտի հասկնաս Քրիստոսին կեանքը եւ Անոր անհուն սէրը ամէն մարդու հանդէպ:

 Նկատ՛է որ Աստուծոյ Խօսքը միշտ այժմէական է եւ անհրաժեշտ է քեզի համար: Քրիստոս անցեալին միայն չի պատկանիր այլ՝ նաեւ ներկային: Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Յիսուս Քրիստոս, երէկ եւ այսօր, նոյնն է միշտ եւ յաւիտեան» (Եբր. 13,8): Խորհրդածելով վերոյիշեալ իրականութիւններուն վրայ, պիտի ըմբռնես Սուրբ Խորհուրդներուն կարեւորութիւնը քու քրիստոնեայ կեանքիդ յառաջացման համար, մանաւանդ Ապաշխարութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները, որոնք քեզի կը պարգեւեն ամէն ատեն նոր ոյժ, նոր կեանք, հոգեւոր պայքարի նոր դրդապատճառներ եւ առաքելութեան համար նոր եռանդ: Այսպէս պիտի սորվիս քրիստոնեայ ապրելու կերպը: Պիտի սորվիս նաեւ ներումի վեհութիւնը եւ Յիսուսի սիրոյ մեծութիւնը, որ ինքզինք կը յանձնէ քեզի Սուրբ Հաղորդութեան մէջ:

Հաւատքի ուղեւորութեան ընթացքին քեզի կ’ընկերակցին նաեւ մեր Սուրբ Հայրերն ու բիւրաւոր նահատակները, որոնք ճշմարիտ մեկնաբանողները եղան Աստուծոյ Խօսքին, զայն հաւատարմաբար պահեցին եւ դարձան «կենդանի նահատակներ, Քրիստոսի սիրողներ, որոնք չարչարուեցան մարմնով Տիրոջ անունին համար», ինչպէս կ’երգենք Արեւագալիի աղօթքին մէջ Քառասնորդաց ժամանակ:

Ամէն անձ իր սիրած պաշտպան սուրբը ունի, որուն կը ջանայ նմանիլ ապրելու համար իբրեւ ճշմարիտ աշակերտ Քրիստոսի: Բոլոր սուրբերը ունեցան քեզի պէս դժուար ժամանակներ եւ հարցեր, բայց բնաւ չտարակուսեցան Աստուծոյ ամենակարողութեան ու անհուն բարեգթութեան մասին: Կը բաւէ կարդալ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին աղօթքները: Բոլոր սուրբերէն վեր կայ Աստուածամայրը, Յիսուսին եւ մեր մայրը: Մօտենալով Սուրբ Կոյս Մարիամին, աւելի լաւ պիտի ճանչնաս Յիսուսին կեանքն ու Անոր առաքելութիւնը, որուն շարունակելու պաշտօնը յանձնեց Եկեղեցւոյ զաւակներուն՝ այսինքն նաեւ քեզի :

 Ապաշխարութեան մասին խօսելով, կ’ըմբռնես հարկաւորութիւնը չարէն ու մեղքէն ձերբազատուելու եւ բարին գործելու: Սուրբ Յովհաննէս հետեւեալ խորհուրդը կու տայ. «Որդեակներս, ձեզի կը գրեմ որ չմեղանչէք. եւ եթէ մէկը մեղանչէ, Աստուծոյ մօտ բարեխօս մը ունինք՝ Յիսուս Քրիստոս... Ինքն է քաւութեան զոհը մեր մեղքերուն» (Ա. Յով. 2, 1-2): Նոյն իմաստով Սուրբ Պօղոս կ’ըսէ. «Մի՛ յաղթահարուիր չարէն, այլ՝  բարիով յաղթէ չարին» (Հռոմ. 12,21):

Աշխարհի վրայ խոշոր ծանրութիւն մը կայ,  որ քեզ դէպի վար կը քաշէ, ան է մարդոց բայց նաեւ քու մեղքերդ ու յանցանքներդ: Այս տաժանելի ծանրութեան դիմաց, Յիսուս կը բերէ աւելի մեծ ոյժ մը, որ քեզ դէպի վեր կը բարձրացնէ, ան է իր զոհաբերումը եւ անսահման սէրը: Շատ կարեւոր է համոզուիլ, որ Յիսուս ամենամեծ ոյժն է աշխարհի վրայ: Ան մարդկութիւնը կ’ուղղէ դէպի իր նպատակակէտը, յարգելով հանդերձ մարդոց ազատութիւնն ու տկարութիւնները: Քրիստոսին այս ոյժը քեզի հրաւէր մըն է Իր կողմը դասուելու եւ այսպէս մասնակից դառնալու Անոր աստուածային ոյժին: Այս հաշիւով, չարին ոյժը, որուն շօշափելի եւ տարածուող վնասները կը տեսնես, քեզ պիտի չվախցնէ, որովհետեւ գիտես թէ ճշմարիտ  հաւատացեալները չեն ընկճուիր երբեք ու իրենց երջանկութիւնը չեն կորսնցներ, նոյնիսկ դժուար եւ կնճռոտ պարագաներուն մէջ:

Յիսուս Իր կողմը քեզ կը հրաւիրէ: Հետեւեալ գաղափարը կարեւոր ըմբռնում մ’ունի մեզի համար: Լուտէր կ’ըսէր. «մենք չենք կրնար Աստուծոյ գործին բան մը աւելցնել»: Այս գաղափարը ճիշդ է: Բայց կը շարունակէ ըսելով. «ուստի մեր գործերը արժէք չ’ունին»: Այս գաղափարը սխալ է: Որովհետեւ Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ իրեն միանալու եւ այսպէսով արժէք կու տայ մեր անձին եւ մեր գործերուն:

Սիրելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, գնահատեցէ՛ք Տիրոջ վեհանձնութիւնը եւ ձեր կոչումին վսեմութիւնը: Յիսուս Քրիստոս կ’ուզէ ձեզ մասնակից դարձնել իր սիրոյ զօրութեան ու վսեմութեան: Եթէ ըմբռնէք Յիսուսին այս հրաւէրը, երջանիկ պիտի ըլլաք, որ Յիսուս ձեզի մեծ արժէք կ’ընծայէ: Արդարեւ, Ան ձեզ մեծապէս կը սիրէ ու ձեր վրայ դրած է Իր վստահութիւնը աշխարհի փրկութեան համար:

Սուրբ Գիրքը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ունենայ ձեր կեանքին համար, բայց պէտք է զայն կամաց կամաց ըմբոշխնէք: Եթէ զայն մաս առ մաս կարդաք, դժուար պիտի ըլլայ զայն նկատել որպէս Աստուծոյ  խօսք: Ասոր համար պէտք է զայն կարդաք իր միութեամբ եւ իր ամբողջութեամբ: Ամէն մէկ հատուած մաս կը կազմէ Աստուծոյ ժողովուրդին պատմութեան եւ փրկութեան: Զայն լաւ հասկնալու համար, պէտք է զետեղել ամէն հատուած իր ամբողջութեան մէջ, որովհետեւ ամէն մէկ բաժին միւսը կը լուսաբանէ ու կը լրացնէ:

Օրինակ մը առնենք Հին Կտակարանէն: Իմաստութեան Գիրքին մէջ կ’ըսուի թէ՝ ով որ բարի է լաւ կ’ապրի եւ Աստուած զայն կը վարձատրէ: Անկէ ետք կը կարդանք Յոբ Գիրքին մէջ ուրիշ սկզբունք մը՝ ով որ արդար է աւելի կը տառապի, կարծես Աստուծմէ մոռցուած է այդ մարդը: Կան նաեւ Սաղմոսներ, որ հետեւեալ խօսքերով կ’արտայայտուին. «Աստուած, ի՞նչ կ’ընես, անհաւատները եւ ամբարիշտները լաւ կ’ապրին, լաւ կ’ուտեն եւ մեզ կը ծաղրեն ըսելով՝ ու՞ր է քու Աստուածդ: Կը նմանինք ոչխարներու որոնք սպանդի կը տանին : Ինչ՞ու համար մեզի այսպէս կը պատահի»: Սոյն գաղափարները կը տանին դէպի Քրիստոսին Խաչը, դէպի «Աստուծոյ Սուրբը», ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Պետրոս: Այսպէս կը յայտնուի Աստուծոյ իմաստութիւնը, որ Սուրբ Պօղոս լայնօրէն կը բացատրէ:

Որով, եթէ Աստուածաշունչը առնէք որպէս մարդկութեան փրկութեան պատմութիւնը, կը սկսիք կամաց կամաց զայն հասկնալ, եւ ըմբռնել Սուրբ Գիրքին գեղեցկութիւնն ու ճոխութիւնը: Լաւ է ուրեմն զայն լման կարդալ նկատի ունենալով, որ ամէն մասնիկ կը բացատրէ միւս մասնիկները, ինչպէս ըսի: Հաւատացեալը քայլ առ քայլ կը սկսի հասկնալ ինչ որ Յարուցեալ Քրիստոսը պատմեց Էմմաուսի աշակերտներուն իրենց բացատրելով ինչ որ մարգարէները խօսեցան իր մասին: Քրիստոս՝ Սուրբ Գիրքին բանալին է: Եթէ Իրեն հետ ընթանաք Էմմաուսի աշակերտներուն նման, այսինքն եթէ կրկին անգամ կարդաք Աստուծոյ խօսքը Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսով, պիտի հասկնաք ձեր կեանքին ներկայ կացութիւնը եւ Սուրբ Գիրքին իմաստութիւնը:

Պիտի ուզէի մատնանշել հոս ինչ որ Սուրբ Հայրերը կ’ըսեն Սուրբ Գիրքի ընթերցողին վերաբերեալ. «եթէ քիչ հասկցար, ընդունէ զայն եւ մի՛ խորհիր թէ ամէն բան հասկցար»:  Սուրբ Եփրեմ կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը ծովու կը նմանի. որքան անկէ ջուր քաշես, միշտ կրնաս կրկին ու կրկին քաշել»: Ինչպէս կարելի չէ ամբողջ ծովի ջուրը քաշել, նոյնպէս կարելի չէ Սուրբ Գիրքը այնպէս հասկնալ, որ աւելի հասկնալու բան չ’ունենաս, եւ կարիք չ’ունենաս զայն կրկին ու կրկին կարդալու:

Մխիթարական է, որ անսպառ գանձ մ’ունիս, որմէ կրնաս միշտ նոր լոյս, նոր ոյժ քաղել՝ դուն, ընկերներդ եւ գալիք սերունդները: Եւ ինչպէս անհրաժեշտ է ամէն օր ուտել ապրելու համար, նոյնպէս անհրաժեշտ է Սուրբ Գիրքէն սնանիլ քրիստոնեայ ապրելու համար:

Կ’ուզեմ փակել առաջին պատգամս ձեզի ուղղուած յոյժ սիրելի երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, յիշելով Սուրբ Յովհաննէսի Առաջին Թուղթէն հետեւեալ խօսքը. «Գրեցի ձեզի, երիտասարդներ, որովհետեւ դուք զօրաւոր էք եւ Աստուծոյ Խօսքը կը բնակի ձեր մէջ ու դուք յաղթեցիք չարին» (Ա. Յովհ. 2,14): Ինչպէս նաեւ Սուրբ Պօղոսին խօսքը. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլ. 4,13):

Սիրելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ,

«Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին Հաղորդութիւնը ամէնուդ հետ ըլլան. Ամէն» (Բ. Կորն. 13,31):

 

 Ներսէս Պետրոս ժԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկէ Հայոց    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ