Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2014 - «Հայերը կ'ողբան Քեսապի աղէտալի դէպքերէն ետք»

Պէյրութ

«Տէյլի Սթար» անգլիատառ օրաթերթը իր 3 ապրիլ 2014-ի  թիւին մէջ հրատարակեց տեղեկագիր մը՝ Սուրիոյ Քեսապի շրջանի կացութեան, անոր զարգացումներուն եւ տեղահան հայերու իրավիճակին մասին:

Տեղեկագրութիւնը կ'անդրադառնայ երեք հայկական  կուսակցութիւններու (ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ) նախաձեռնութեան՝ 1 ապրիլ 2014-ին, երկու ժամ տեւողութեամբ ամէն աշխատանք դադրեցնելու հայկական հաստատութիւններուն, գործատեղիներուն եւ դպրոցներուն մէջ, առ ի զօրակցութիւն քեսապահայութեան:

Միեւնոյն տեղեկագրութեան շրջագիծէն ներս, «Տէյլի Սթար» օրաթերթը հրատարակած է հարցազրոյց մը  Աւետման Սրբոյ Կուսին եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին հետ, որ կը խօսի  Հայութեան համար Քեսապի կարեւորութեան մասին: Ան  կը նկարագրէ Քեսապէն տեղահանուած եւ Լաթաքիա ապաստան գտած հայ ժողովուրդին կացութիւնը, որուն վկան եղած է  29 մարտ 2014-ին Լաթաքիա կատարած այցելութեան ընթացքին: Ան նշած է թէ աւելի քան 300 հոգիներ կը գտնուին Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ հոգետան մէջ, եւ անոնք կարիքը ունին կենսական պէտքերու: Հայր Վարդան նկատել տուած է տեղահանուած քեսապահայութեան ծանրակշիռ վիճակը, յիշեցնելով որ այս ողբերգութիւնը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ