Պոլիս, Թուրքիա
Կիրակի, 13 Մայիս 2007ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30ին, Պոլսոյ Աթոռանիստ՝ Ս. Աւտուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ս.Պատարագ որուն ընթացքին Պոլսահայ Կաթողիկէ
համայնքէն երեք փոքրիկներ ստացան իրենց առաջին հաղորդութիւնը: Օրուան քարոզը մատուցեց Արհի. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան՝ Առաջնորդ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց: Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց երկու հիմնական կէտեր.Սուրբ Հաղորդութեան կարեւորութիւնը մարդոց կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ ծնողներու անսահման զոհաբերութեան մասին նկատի ունենալով որ նոյն օրը փոքրիկները յատուկ նուէրներով յիշեցին Մայրերու տօնը :
Պատարագը մատուցեց Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան, որուն մասնակցեցան Աբրահամ Վրդ. Ֆիրաթեան եւ Տէր Հայկարամ Չէքիճեան:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի Գերպ. Չոլաքեան փոքրիկներուն նուիրեց յուշանուէրներ:
Այս օրը անպայման յատուկ եւ անմոռանալի օր մը պիտի մնայ ՐաՖՖի Միմարի Զուլալ Պիյիքլիի եւ Նիքոլ Քալբաքչեանի յիշողութեան մէջ: