Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2011 - 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտ՝ Մեսրոպեան վարժարանի մէջ


Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 7։30-ին մեկնարկեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Մեսրոպեան վերամուտին նուիրուած փոքր ձեռնարկը, վարժարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած աշակերտներու, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, տեսչական կազմի անդամներու, ծնողական յանձնախումբի անդամներու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու ներկայութեան։
Վարժարանի շրջափակը զարդարուած էր եռագոյն փուչիկներով, ինչպէս նաեւ վերամուտը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 20-ամեակը խորհրդանշող խոշոր պաստառով մը։ Կը հնչէր ուրախ եւ խանդավառող հայկական երաժշտութիւն։
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու խմբային կատարումով, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, Հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի օրհնանք-աղօթքով։
Այնուհետեւ աշակերտութեան անունով խօսք առաւ վարժարանիս աւարտական դասարանի աշակերտուհի՝ Լորի Եթերեան, որ ըսաւ. «Վերամուտը իր հետ կը բերէ աշխատանք, ճիգ, դպրոցական երկար ժամեր եւ վերջ կը դնէ ամրան երկար եւ ազատ արձակուրդին։ Մեր վարժարանը դարձեալ իր դռները կը բանայ հայ աշակերտին առջեւ, շարունակելով իր առաքելութիւնը հայեցի դաստիարակութեան։ Մեզմէ իւրաքանչիւր ունի իր ընելիքը. ուսուցիչները իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ իրենց կարելին կ՛ընեն լաւագոյնը փոխանցելու ու տալու համար մեզի, մենք՝ աշակերտներս, եկած ենք քաղելու բոլո գիտելիքները, որոնք անհրաժեշտ են, յաջողելու համար կեանքին մէջ»։ Աւարտելով իր խօսքը Լ. Եթերեան ըսաւ. «Ես համոզուած եմ, որ բոլորս ձեռք-ձեռքի տուած, պիտի սկսինք անմոռանալի դպրոցական վերամուտ մը, նոր, յաջող ուսումնական տարի մը, որ կը զուգադիպի մեր անչափ սիրելի մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի անկախ պետականութեան 20-րդ տարեդարձին։ Բարի վերադարձ ամէն մէկ հայ աշակերտին, որ դարձեալ կու գայ իր սիրելի, երկրորդ եւ հարազատ տունը հանդիսացող հայ վարժարանը, որ կը տօնէ իր 72-րդ վերամուտը»։
Լորի Եթերեանի խօսքին յաջորդեց նախակրթարանի խումբ մը աշակերտներու «Բարի վերամուտ. Ծանօթանանք» խորագիրով իւրայատուկ խօսքը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր դասարանէն զոյգ աշակերտներ պատմեցին իրենց ձեռք ձգած փորձառութեանց մասին, վարժարանէն ներս գործող օրէնքներու մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացումի կարգով խօսեցան կարգ մը պաշտօնեաներու եւ անոնց դերին մասին։ Նշելով, որ յաջողութեան միակ գրաւականը վարժարանին մէջ աշխատասիրութիւնը, հնազանդութիւնը եւ յարգանքն են։
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Պր. Վարդան Թաշճեանին։ Վ. Թաշճեան նախ եւ առաջ շնորհաւորեց բոլորը վերամուտին առիթով, յիշելով, որ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ վարժարանը յարատեւ վերելքի մէջ պահելու համար։ Իր խօսքին մէջ Պր. Թաշճեան յատկապէս կարեւորեց ուսումը, մարդու մը կայանալու գործընթացին մէջ որպէս գերագոյն նպատակ եւ շեշտեց, որ ինչքան կարեւոր է ուսում ստանալը, նոյնքան կարեւոր է այդ ուսումը անաւարտ չթողնելը։ Ան յորդորեց յատկապէս ծնողներուն, ընտանիքներէն ներս միշտ ճիշդ ձեւերով անդրադառնալ ուսման կարեւորութեանը, մանաւանդ անոնց, որոնք ունին բարձր դասարանցի զաւակներ, քանի որ անոնք արդէն խելահաս են եւ քաջ կրնան գիտակցիլ իրենց կեանքին մէջ լաւ ուսման անհրաժեշտութեան մասին։
Պր. Վարդան Թաշճեանի խօսքին յաջորդեց վարժարանի տնօրէնին խօսքը վերամուտի առիթով, որուն ընդմէջէն ան ողջունեց բոլորը, յիշելով որ վարժարանի աշակերտութեան զգալի աճ արձանագրուած է այս տարի, ինչը ինքնին կը խօսի այն մասին, որ Մեսրոպեան վարժարանը կը վայելէ մեծ վստահութիւն։ Այդ վստահութեան համար ան բոլոր ներկայ եւ բացակայ ծնողներուն վարժարանի տնօրէնութեան անունով յայտնեց խորին երախտագիտութիւն։ Ան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ յատկապէս յիշեց առաջին դասարանցիները, որոնց «այսօր իրենց դասարանները առաջնորդելու եկած են մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհիները, յատկապէս անոր համար, որ մեր փոքրիկները հասկնան, որ նախակրթարանը անմիջական շարունակութիւնն է մանկապարտէզին եւ անոնք երկուքն ալ նոյն հաս¬տատութեան տարբեր բաժանմունքներն են միայն»։ Պր. Գալուստ նաեւ անդրադարձաւ վերամուտի պաստառին, յիշեցնելով բոլորին որ Սեպտեմբեր ամիսը միայն վերամուտի ամիս չէ, այլ հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 20-ամեակը լրացաւ այս ամիս։ Ուստի, ան շնորհաւորեց բոլոր այս տօնին առիթով։
Այնուհետեւ վարժարանիս հրաւէրով, վերամուտի մթնոլորտը ջերմացնելու եւ խանդավառութիւն ստեղծելու նպատակով ելոյթ ունեցաւ գաղութիս ճանչցուած եւ սիրուած երգիչ՝ Հրաչ Կայծակեանը, որուն կատարումը զուգակցուեցաւ վարժարանի աշակերտութեան եւ կարգ մը ուսուցիչներու ուրախ շուրջպարով։
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները, սկսելու համար 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանը։ Յիշենք, որ օրուան աւարտին, առաջին դասարանցիները իբրեւ վերամուտի նուէր տուն վերադարձան փուչիկներով։

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
Պուրճ Համուտ, 29 Սեպտեմբեր 2011

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ