Հինգշաբթի, 19 Յունիս 2008 - Ուխտագնացութիւն Լուրտի Հոբելեանին Առթիւ

 

Ֆրանսա

 
Ամէն տարուայ պէս, Համբարձման տօնին առիթով, տեղի ունեացաւ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի կազմակերպած
 
ուխտագնացութիւնը դէպի Լուրտ, Չորեքշաբթի 30 Ապրիլէն մինչեւ Շաբաթ՝ 3 Մայիս, 2008: Այս տարուայ ուխտագնացուեան, Լուրտը կը տօնէր իր Հոբելեան տարին 1858-2008: Լուրտ ժամանած էին Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան ժառանգաւորները Հռոմէն իրենց մեծաւոր հօր հետ: Յունաստանէն եւ Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբեր միացած Ֆրանսահայ գաղութի տարբեր քաղաքներէն եկած հայ ուխտաւորներու խումբին, կազմեցին 187 հոգինոց խումբ մը:

Չորեքշաբթի 30 Ապրիլ

Առաջին գիշերը՝ հայ ուխտաւորները հաւաքուեցան մասնակցեկու համար, երեկոյեան ջահերով թափօրին: Անոնք կ՛երգէին եւ կ՛աղօթէին «Ողջոյն Քեզ»ը եւ վարդարանը: Աշխարհի բոլոր ծագերէն ուխտաւորներ ժամանած էին Լուրտ, մասնակցելու համար այս հոբելեանին, սակայն Մալթայի ասպետներու բազմահազար խումբը կը գերազանցէր Լուրտ ժամանած բոլոր ուխտաւորներուն թիւը:

 
Հինգշաբթի 1 Մայիս
 


Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի՝ համբարձման տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 8:30ին, հայ ուխտաւորտները, հաւաքուած էին Աւտուածամօր Երեւման քարայրին առջեւ, մասնակցելու համար Ս. Պատարագին որ պիտի մատուցէր Ֆրանսայի առաջնորդ՝ հայր Գրիգոր եպս. Կապրոյեան, մասնակցութեամբ հայր Նշան Արք.Գարաքէհէեանի եւ 10 ժողովրդապետ հայրերու: Պատարագիչը իր քարոզին մէջ բացատրեց ու շեշըեց համբարձման տօնի խորհուրդին կարեւորութիւնը քրիստոնէական հաւատքին մէջ: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հայ ուխտաւորներու յիշատակի խմբային նկարահանումը:

Ուրբաթ 2 Մայիս   

Առաւօտեան Պատարագ մատուցուեցաւ, Լուրտի մայր տաճարին վերի բաժնին խորանին վրայ: Պատարագը մատուցեց հայր Նշան Գարաքէհէեանը որուն մասնակցեցան բոլոր քահանայ հայրերը: Պատարագիչը իր
 
քարոզին մէջ շեշտեց ամբողջ շաբթուայ ընթացքին տեղի ունեցած աղօթքներուն ե
 
ւ թափօրներուն մասնակցութեան հոգեւոր շահերուն մասին: Պատարագի աւարտին, բոլոր ուխտաւորները հաւաքուեցան Լուրտի ժողովասրահներէն մէկուն մէջ, ուր հայր Նշան Արք. Գարաքէհէեան, ներկայացուց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ առաքելութեան սկզբնական շրջանէն մինչեւ օրս կատարուած եւ կատարուելիք ծրագիրներու մասին:

Ուրբաթ կէսիրէ ետք ժամն էր ճանապարհի խաչին, երիտասարդ ժառանգաւորներու օգնութեամբ կարեկի եղաւ տարեցներն ալ ամբողջացնեն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Գողգոթայի ճանապարհի 14 հանգրուանները: Հակառակ այս երկար ուխտի օրին, ուխտաւորները չվարանեցան անգամ մը եւս մասնակցելու երեկոյեան ջահերով թափօրին: Բոլորին ուխտը կատար՝ :

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ