Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2007 - Կիսասարկաւագի Ձեռնադրութիւն Ս. Գրիգոր - Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Մէջ

 

Պէյրութ, Լիբանան

Ես ուրախ էի երբ ըսին ինծի,
 

«Մենք Պիտի երթանք Տունը Տիրոջ» 
           Սաղմոս 121

 
Պենտեկոստէի Հոգւոյն Սրբոյ գալստեան տօնին օրով, Կիրակի 27 Մայիս 2007ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս.Եղիա աթոռանիստ
 
եկեղեցւոյ մէջ, սկսաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին Պէյրութի թեմէն քահանայութեան թեկնածու՝ եղբայր Րաֆֆի Հովհաննէսեան կիսասարկաւագութեան կարգը ստացաւ ձեռամբ Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի՝ Օգնական Եպիսկոպոս Պատրիարքական թեմին:

Կարգի տուչութենէն ետք,  Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան իր պատգամին մէջ շեշտեց կիսասարկաւագի պաշտօնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ ծառայութիւնը Սուրբ Սեղանին եւ մարդկութեան:

 
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Տիրացու Կիսասարկաւագը՝ եղբայր Րաֆֆի Հովհաննէսեան, Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի եւ Գերյապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեանի հետ
 
ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը, ուր հաւատացեալ ժողովուրդը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց տիրացուին ու ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Եղբայր Րաֆֆի Հովհաննէսեան եղած է նախկին նորընծայ Զմմառու Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի:Ան իր  փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական բարձր ուսումը ստացած է Հռոմ  եւ Լիբանան:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ