Զալքա
Հինգշաբթի, 6 յունուար 2011 առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի զոյգ տօներուն արթիւ, Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, առընթերականութեամբ՝ հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեանի եւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի։
Պատարագին ներկայ էին յարգարժան Թերզեան ընտանիքը, լիբանանահայ քանդակագործ-արուեստագէտ Վարդան Աւէսեան եւ հաւատացեալներու հօծ բազմութիւնը։
Պատարագիչ հայրապետը Պատարագի ընթացքին, հայ Եկեղեցւոյ հնամենի աւանդութեան համաձայն, կատարեց ջրօրհնէրքի արարողութիւնը եւ սրբալոյս միւրոնով օրհնեց ու սրբեց ջուրը, որպէսզի ան ըլլայ աղբիւր անապաղութեան, եւ ծառայէ մեղքերու թողութեան, դեւերու ահագին խորտակման եւ աղքատներու առողջութեան։
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, «սուրբ Խաչ» շարականի երգեցողութեամբ եւ յատուկ աղօթքներով, գերապայծառ տէրը, սրբալոյս Միւրոնով եւ օրհնուած ջուրով օրհնեց ու սրբեց նորակառոյց Խաչքարը, իսկ Թերզեան ընտանիքը կատարեցին Խաչքարին բացումը (գործ՝ Վարդան Աւէսեանի)։ Սոյն Խաչքարը նուիրեցին Թերզեան ընտանիքը ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր Լեւոն Թերզեանի եւ ի յարգանք 1915-ի Եղեռնի նահատակներուն եւ անոնց յիշատակը յաւերժացողներուն։
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25-ամեակին առթիւ, սոյն Խաչքարը հանդիսացաւ գեղեցկագոյն նուէրը Թերզեան ընտանիքէն։