Զմմառ, Լիբանան
Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուած վիճակին եւ հրապարակային ձեռնարկներու համար աննպաստ պայմաններուն, Կիրակի 27 Մայիս 2007ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին,
Ուխտագնացութեան Օրուան առթիւ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Վանքի հրապարակին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ , որուն ընթացքին Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ընծայարանի վեց ժառանգաւորներ` Սեպուհ, Սարգիս, Գրիգոր, Եղիշէ, Գեղարդ եւ Մատթէոսը դպրութեան կարգը ստացան ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին: Իսկ Եղբ. Սեպուհ Կարապետեան դպրութեան կարգին կողքին սարկագութեան աստիճանին արժանացաւ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով, որմէ ետք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի հանդիսապետութեամբ, սպասաւորներու խումբը, թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Վանքի հրապարակը սկիզբ տալով օրուան շքեղ հանդիսութեան:
Իր Քարոզին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ դպրութեան եւ սարկաւագութեան կարգերուն ծառայելու պաշտօնին մասին` Քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ:
Պատարագին աւարտին, Տիրացու սարկաւագը` Սեպուհ Կարապետեանը իր եւ միւս դպիր եղբայրներուն անունով սրտի խօսք մը արտասանեց բոլոր
անոնց, որոնք իրենց կեանքի
ճանապարհորդութեան ընթացքին մեծ դեր խաղացած են: Ան ըսաւ. « Առաջին շնորհակալութիւնը կը բարձրաձնեմ Աստուծոյ, որ հաւատարիմ մնաց իր կոչին եւ մեզ պահեց այս օրուան համար:
Շնորհակալութիւն Ամենապատաիւ Հո•եւոր Տիրոջ, որուն հայրական խրատներով, ուղղութիւններով եւ հրամանով բարձրացանք Սուրբ Խորանին աստիճանները:
Սրտագին շնորհակալութիւն կ’ուղղենք մեր շատ սիրելի ծնողներուն, որոնք Ս. ընտանիքին նման ընկերացան մեզմէ իւրաքանչիւրին քայլերուն:
Որդիական շնորհակալութիւնը Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան, որ առաջին վայրկեանէն մեզ դիմաւորեց լայն սրտով, օրհնեց մեզ իր գթալիր ու բարեխնամ թեւերուն տակ պահպանեց»:
Սրտի խօսքէն ետք, բոլոր հադիսականները ուղղուեցան Վանքին դահլիճը, ուր իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին ձեռնադրուող Տիրացուին ու դպիրներուն, մաղթելով անոնց բարձրաստիճան տիտղոսներ ու աստիճաններ:
Մեծաշուք հանդիսութենէն ետք, Տիրացուն, դպիրները եւ անոնց պարագաները ուղղուեցան ընծայարանին սեղանատունը, ուր իրենց համար փառաւոր սեղան մը սարգուած էր: