Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2011 - Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի «Urbi et Orbi» - Հռոմ Քաղաքի Եւ Համայն Աշխարհի- պատգամը

 

Վատիկան

Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշխարհի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Քրիստոս Ծնաւ մեզի համար։ Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ երկիր խախաղութիւն եւ մարդկանց յաճութիւն։ Թող ամէնուն հասնի Բեթղեհէմի պատգամին արձագանքը, որ Կաթողիկէ եկեղեցին կը հնչեցնէ բոլոր ցամաքամասերուն ազգային` լեզուական եւ մշակութային պատկանելիութիուններէն անդին։
Սուրբ Կոյս Մարիամի որդին ծնաւ բոլորին համար` բոլորին Փրկիչն է ։
Այսպէս կ՛աղերսէ ծիսական հին մեսեդի մը. «Ով Էմմանուէլ մեր թագաւորն ու օրէնսդիրը, ժողովուրդներու յոյսն ու փրկութիւնը եկուր մեզ փրկելու, ով Տէր մեր Աստուածը»։ Եկ Փրկէ զմեզ։
Եկուր մեզ Փրկելու` այս է աղաղակը ամէն ժամանակաշրջանի մարդուն որ առանձին իքնզինք անկարող կը զգայ յաղթահարելու դժուարութիւններն եւ վտանգները։
Ան կարիքը ունի իր ձեռքը դնելու աւելի մեծ եւ աւելի զօրաւոր ձեռքի մէջ, ձեռք մը որ վերէն իրեն կ՛երկարի։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս ձեռքը Յիսուոսն է, ծնաւ Բեթղեհէմ Սուրբ Կոյս Մարիամէն։ Ինքն է ձեռքը զոր Աստուած երկարեց մարդկութեան զայն դուրս հանելու մեղքի շարժուն աւազէն եւ զայն ոտքի դնելու ժայռի վրայ, Ճշմարտութեան ու իր Սիրոյ ամուր ժայռին վրայ։ (Սղ. 40.3)
Այո, այս է անունին նշանակութիւնը այս Մանուկին. անունը, որ Աստուծոյ
կամքով, անոր տուին Մարիամն եւ Յովսէփը։ Ան կը կոչուի Յիսուս, որ կը նշանակէ Փրկիչ (Մատթ. 1, 21 . Ղուկ. 1, 31)։ Ան ղրկուեցաւ հօր Աստուծմէ մեզ փրկելու մասնաւորպաէս խոր չարիքէն, արմատացած մարդու մէջ ու պատմութեան մէջ. այն է խզումը Աստուծոմէ, սնապարծ հապրտութիւնը առանձին գործելու եւ Աստուծոյ հետ մրցակցելու ու զայն փոխարինելու, որոշելու որն է բարին եւ որն է չարը, ըլլալու տէրերը կեանքի եւ մահուան։ (Ծնդ. 3, 1-7)
Այս է մեծ չարիքը. մեծ մեղքը. որմէ մենք մարդիկս չենք կարող փրկուիլ եթէ ոչ ապաւինելով Աստուծոյ օգնութեան, եթէ չի հայցենք. «եկուր մեզ փրկէ'։
Մեր այս աղերսանքը դէպի Երկինք բարձրացնելով, մեզ կը դնէ ուղիղ պայմաններու մէջ, մենք մեզ ճշմարտութեան առջեւ կը դնէ, մենք արդարեւ այն ենք որ աղաղկեցին առ Աստուած եւ փրկուեցան։
Աստուած Փրկիչն է մենք, անոնք են, որ վտանգի մէջ կը գտնուին։
Ան է բժիշկը ու մենք հիւանդները։ Այս իրողութիւնը ընդունիլը, փրկութեան առաջին քայլն է, անել ճամբայէն տանող ելքն է, որուն մէջ փակուած ենք մեր հպարտութեան հետեւանքով։
Աչքերնիս Երկինք բարձրացնելով, մեր ձեռքերը տարածելով ու օգնութիւն հայցելով փրկութեան ճամբան կը գտնենք, պայմանաւ որ Մէկ մը մեզի մտիկ ընէ եւ կարենայ հասնիլ մեր օգնութեան։
Յիսուս Քրիստոս ապացոյցն է որ Աստուած լսեց մեր աղաղակը։
Ոչ միայն՜ Աստուած մեզի հանդէպ ունի այնքան զօրաւոր սէր մը, որ չի կարողացաւ մնալ ինքնիր մէջ, ելաւ Իքնիրմէ ու մեր մէջ եկաւ, լիովին բաժնելով մեր մարդկային վիճակը (Ել. 3, 7-12)։
Յիսուսով` Աստուծոյ տուած պատասխանը մարդուն, անհունօրէն կը գերազանցէ մեր ակնկալիքը, հասնելով այնպիսի զօրակցութեան որ չի կրնար ըլլալ միմիայն մարդկային` այլ եւ Աստուածային։
Միայն Աստուած որ սէր է եւ սէրը որ Աստուած է, կարող է մեզ փրկելու համար, ընտրել աս ճանապարհին միջոցաւ, որ վստահաբար ամենէն երկարն է, միակն է, որ կը յարգէ Անոր ճշմարտոիւթիւն ու մերինը. հաշտութեան. երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ճանապարհը։
Հետեւաբար, Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշխարհի սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս 2011 Սուրբ Ծնունդին դիմենք Բեթղեհէմի Մանուկին. Սուրբ կոյս Մարիամի Որդիին եւ ըսենք. Եկուր մեզ փրկելու։
Ու զայն կրկնենք հոգեւոր միութեամբ բոլոր այն բազմաթիւ անձերու հետ որ կ՛ապրին դժուար պայմաններու մէջ. ձայնակցելով անոնց որ ձայն չունին։
Միասին աղերսենք Աստուածային օգնութիւնը Ափրիկեան Ծոցի բնակիչներուն, որոնք կը տառապին անօթութեան եւ երաշտ պատճառաւ երբեմն` վատթարացած
միշտատեւ անապահովութեան հետեւանքով։
Թող Միջազգային հանրութիւնը չի պակսեցնէ իր օժանդակութիւնը բազմաթիւ փախստականներուն վերոյիշեալ Տարածաշրջանէն, վիրաւորուած իրենց արժանաւորութեան մէջ։
Թող Տէրը սփոփէ Հիւիս-Արեւելեան Ասիայի բնակիչները մասնաւորապէս Թայլանտիայի եւ Փիլիփփեաներուն, որոնք տակաւին դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին ողողումներու հետեւանքով։
Թող Տէրը օգնութեան հասնի վիրաւոր մարդկութեան բազմաթիւ ընդհարումներու հետեւանքով, որ տակաւին կ'արիւնեն երկրագունդը։
Ան, որ Խաղաղութեան Իշխանն է, պարգեւէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն այն Հողին որ ընտրեց աշխարհ գալու համար, քաջալերելով երկխօսութիւնը հրեաներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ։
Դադրեցուր Սուրիոյ մէջ բռնութիւնները, ուր արդէն շատ արիւն թափուեցաւ։ Նպաստաւորէ կատարեալ հաշտութիւնը եւ կայունիութիւնը Իրքաի եւ Աֆղանիստանի մէջ։
Նոր ոյժ շնորհէ հասարակաց բարիքին վերակառուցումին Հիւիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու ընկերութեան բոլոր խաւերուն։
Փրկչին ծնունդը նպաստէ Միանմարի մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարին համաձայնուած լուծումներ գտնելու։
Փրկիչին Ծնունդը թող ապահովէ քաղաքական կայունութիւն Ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներուն եւ զօրավիգ ըլլայ հարաւային Սուտանի բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշպանութիւնը պահանջող ջանքերուն։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, մեր հայացքը սեւեռենք Բեթղեհէմի քարայրին` Մանուկը զոր հոն կը տեսնենք մեր փրկութիւնն է։ Ան աշխարհին բերաւ հաշտութեան եւ խաղաղութեան տիեզերական պատգամ մը։ Անոր բանանք մեր սրտերը։ Ընդունինք զինք մեր կեանքին մէջ։ Վստահութեամբ եւ յոյսով կրկնենք «Veni ad salvandum nos!» - եկ' Փրէ զմեզ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ