Պէյրութ
Ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ցաւակցական նամակ մը յղեց գաղտէացի Սագօ պատրիարքին, կարդինալ Էմմանուէլ Տէլլի պատրիարքին վախճանման տխուր առիթով: Հոգեւոր Տէրը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ համայն Գաղտէացի Եկեղեցւոյ, վախճանեալին պարագաներուն եւ հարազատներուն, աղօթելով առ Աստուած, որ զինք դասէ իր ընտրեալներու շարքին:
Դիւան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի