Պէյրութ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հինգշաբթի 17 Սեպտեմբեր 2009-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կը մեկնի Հռոմ:
Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւոր հանդիպումները պիտի ըլլան նախ՝ Սրբազան Քահանայապետին հետ, որ ընդառաջելով Պատրիարքներուն խնդրանքին հրաւիրեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Կաթողիկէ համայնքապետները յատուկ ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 'Castel Gondolfo' 19 Սեպտեմբերին:
Ապա Հոգեւոր Տէրը ուրիշ հանդիպումներ պիտի ունենայ զանազան Կարդինալներուն հետ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Նախագահին ինչպէս նաեւ Հռոմի թեմի ընդհանուր փոխանորդին հետ:
Հոգեւոր Տէրը պիտի հանդիպի նաեւ Քահանայապետական Ժողովներու կարգ մը անձնաւորութիւններուն հետ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանայ Տէր Լեւոն Սրկ. Յովհաննէսեան: Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ Սեպտեմբեր 24-ին:
14 Սեպտեմբեր 2009
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան