Զահլէ, Պեքաա
Տասնմէկ օրերէ ի վեր Արսալի մէջ առեւանգուած զահլէցի հայ կաթողիկէ Գրիգոր Ֆոսեանի ազատ արձակումը պահանջող հաւաք մը տեղի ունեցաւ երէկ Զահլէի մէջ` ներկայութեամբ անոր ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն եւ հայ թէ լիբանանցի քաղաքացիներու:
Այս առիթով ներկաներուն անունով հրապարակուեցաւ կոչ մը, զոր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութենէն ընթերցեց Տէր Ալիշան քհնյ. Աբարդեան` պահանջելով Ֆոսեանի շուտափոյթ ազատ արձակումը եւ առ այդ անհրաժեշտ քայլերու դիմումը: