Պուրճ Համմուտ
«Ճանաչումէն հատուցում. հետեւողական, կազմակերպուած եւ հաւաքական կամքով» լօզունքին ներքեւ, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97 ամեակի աշակերտական ոգեկոչում, Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մանրակերտի բացում եւ աշակերտական գեղանկարներու ցուցահանդէս, ներկայութեամբ արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ Օգոստինոս արք. Գուսանի, պետական երեսփոխան Ժան Օղասապեանի, հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Վարժարանի երգչախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք, երգչախումբը երգեց «Հանգչեցէք դուք անդորր» երգը, որմէ ետք Մեսրոպեան վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին անունով խօսք առաւ Ժագ Քէշիշեան: Ան ըսաւ, որ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, Թուրքիոյ մեծ երազը չիրականացաւ, այնուամենայնիւ տակաւին հայութիւնը իր իրաւունքներուն չէ տիրացած, եւ այս գծով տարուած ճանաչման աշխատանքներուն անմիջապէս պէտք է յաջորդէ հատուցման հանգրուանը: Քէշիշեան ըսաւ. «Հայութեան գարունը կը մօտենայ: Մենք պէտք է հաւատանք, որ վաղը լուսաւոր յաղթանակի օրն է, վաղը հայութիւնը պիտի վերատիրանայ իր պատմական իրաւունքներուն, վաղը ամբողջական Հայաստանը պիտի կերտուի, եւ վաղը հայութիւնը հաւաքաբար Արարատի լանջերուն պիտի պարէ միասնութեան ամուր եւ հաստատակամ շուրջպարը»:
Ապա Ռոզալին Պեզճեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Մահուան Տեսիլք»ը, որուն ջութակով ընկերակցեցաւ Մարինէ Հալլաճեան: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած աշակերտական խմբակի պատրաստած տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, Նայիրի Սգայեան, Սէնտի Թենքէրեան, Գառնիկ Փանոսեան եւ Ժոզէֆ Ճորճեան ասմունքեցին Սիամանթոյին խեղդամահը:
Տուտուկահար Յակոբ Գելուկեանի նուագին յաջորդեց բանախօսութիւնը: Հանդիսութեան բանախօսն էր Մեսրոպեան վարժարանի անցնող տարուան շրջանաւարտ Սարգիս Հալլաճեան, որ նշեց, թէ Թուրքիա չի կրնար հեռանալ իր անցեալէն, քանի որ մարդ արարածը արդիւնքն է իր անցեալին` ժառանգորդը Օսմանեան կայսրութեան:
Հալլաճեան աւելցուց, որ պէտք է կարելի եղած չափով բարձրացնել նոր սերունդի ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը եւ 365 օր խօսիլ Ցեղասպանութենէն մինչեւ մեր օրերուն թուրքին կատարած զանազան վայրագութիւններուն եւ հակահայ քաղաքականութեան մասին, Հայ դատի աշխատանքներուն մասին եւ այս բոլորին մէջ երիտասարդութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին:
Իր խօսքի աւարտին Սարգիս Հալլաճեան ըսաւ. «Ապագան մերն է: Հաւատանք, որ արդարութիւնը պիտի հաստատուի: Համոզուինք, որ մենք ուժեղ ենք: Հպարտանանք, որ մենք հայ ենք: Վերջապէս, աշխատինք միասնաբար վերադարձնելու սրբազան Արարատը եւ կերտելու մեր բոլորին երազը, մեր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն իղձը, մեր նուիրեալ հերոսներուն տենչը, մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն տեսիլքը` Ազատ եւ ամբողջական Հայաստանը»:
Մշակութային եղեռնին նուիրուած տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Նանոր Արնէլեանի, Սէրլի Նեմշեհիրլեանի, Աւետիս Փասլեանի, Ճիւլի Էքիզեանի, Ժանտարք Տաւուլպէօյիւքեանի եւ Մարի-Ռոզ Տաւուլպէօյիւքեանի կատարողութեամբ Պարոյր Սեւակ «Անլռելի Զանգակատուն»էն «Ղօղանջ Եղեռնական»ի խմբային ասմունքով, որուն յաջորդեց Շանթ Ղուկասեանի, Կորիւն Ժինեանի, Յակոբ Աբարդեանի եւ Ճիօ Գալուստի Յովհաննէս Շիրազի «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութեան կատարումը:
Իր կարգին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի Տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ պահն է հատուցման, եւ հայութիւնը պէտք է հաւաքաբար դէմ յանդիման կանգնի Թուրքիա արգելքներուն` յաղթահարելով դժուարութիւնները եւ ապահովելով հայութեան պատմական իրաւունքները: Տնօրէնը շեշտեց, թէ այս եւ նմանօրինակ հանդիսութիւններ կազմակերպելը քարոզչական բնոյթ չունին, այլ էապէս դաստիարակչական են, որովեհետեւ նախ եւ առաջ մարդուժի պատրաստութեան կը ծառայեն, եւ երկրորդ` դաստիարակչական իմաստով իրենց կարեւորութիւնը ունին: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Յայտագիրի աւարտին, տեղի ունեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մանրակերտի բացման հանդիսութիւնը, որմէ ետք Տիկ.Սալբի Քէշիշեան, Օրդ.Շողիկ Եփրեմեան, տիկինԿարինէ Թաշճեան, Սինթիա Արաբկիրլեան, Նայիրա Պաղտասարեան, Սեւան Ղարիպեան, Գառնիկ Փանոսեան, Ասպետ Սեփեթճեան եւ Ճէսի Փարլաքեան մանրակերտին առջեւ երգեցին «Սուրբերուն Աչքերը» երգը: Մանրակերտի պատրաստութեան աշխատանքներուն հսկած էր պրն. Վազգէն Մուղալեան:
Շուրջ 500 հայորդիներու մասնակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 97 ամեակի յայտագիրը փակուեցաւ արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի պատգամով եւ «Պահպանիչ»ով: Այս գծով, Եպիսկոպոսը յայտնեց, թէ հայութիւնը պէտք է տէր կանգնի իր արմատներուն եւ ժառանգութեան ու հաւաքաբար պահանջէ իր իրաւունքները: Յայտնենք, որ ձեռնարկի հանդիսավարն էր Մեղրի Չարըգեան:
Հանդիսութեան զուգահեռ, վարժարանի շրջափակին մէջ ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան լուսանկարներ, մինչ վարժարանի մանկապարտէզի բակին մէջ տեղադրուած էին վարժարանի աշակերտներու գեղանկարները` նուիրուած հայ ժողովուրդի վերածնունդին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ