Ուրբաթ, 22 Յուլիս 2011 - Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը խորհրդանշող Խաչն ու Սրբապատկերը ժամանեցին Մատրիտ


Մատրիտ, Սպանիա

Երկուշաբթի 18 յուլիսի երեկոյեան Մատրիտի սուրբ Կոյս Մարիամ Թագուհի Տիեզերաց տաճարը ժամանեց Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը խորհրդանշող Խաչն ու Սրբապատկերը։
Այս առթիւ Մատրիտի առաջնորդը՝ արքեպիսկոպոս կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րօուքոն գլխաւորեց աղօթքի հսկումի արարողութիւն մասնակցութեամբ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կազմակերպիչ մարմնի անդամներուն։
Նշենք թէ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը խորհրդանշող Խաչն ու Սրբապատկերը 14 սեպտեմբեր 2009-ին մեկնած էին այս նոյն վայրէն ու հանգրուան առ հանգրուան կանգ առած Սպանիոյ զանազան թեմերուն մէջ։ Յաջորդ օրերուն եւ մինչեւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ սկիզբը, Սպանիոյ թեմերը աղօթքի եւ սուրբ Խաչի երկրպագութեան յատուկ օր մը պիտի նուիրեն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ