Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2009 - Առնաութեան եպիսկոպոսի յոբելինական տարեդարձ, Դամասկոս


Սուրիա


Շաբաթ երեկոյ, 9 Դեկտեմբեր 2009-ին, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ միութեան ընտանիքը հաւաքուած էր եկեղեցւոյս  Ռ. Պասմաճեան սրահին մէջ կազմակերպութեամբ ու հրաւէրովը Հ.Կ.Մ. Տիկնանց վարչութեան ժրաջան անդամուհիներուն:Այս հանդիպումին նպատակն էր հաճելի անակնկալ մը մատուցել համայնքիս առաջնորդին ու նշել անոր քահանայական ձեռնադրութեան 40, եպիսկոպոսական օծման 20, ու Դամասկոսի առաջնորդութեան 12 ամեակները:  Ընթրիքի այս երեկոյին  ներկայ էին Հ.Կ.Մ.-ի խորհուրդի անդամներն ու իրենց ազնուափայլ տիկինները, Տիկնանց վարչութեան անդամուհիները իրենց յարգարժան ամուսիններով, Պատանեկան խորհուրդի, Քնար երգչախումբի ու Երիտասադականի  գործունեայ  անդամները: Գերապայծառ տիրոջ ու Գերապատիւ հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի ժամանումով սկիզբը տրուեցաւ երեկոյին: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց միութեան ատենապետ Սարգիս Քէշիշեանը նշելով այս մտերմիկ հանդիպումը կազմակերպելու  բարեփաստիկ առիթը: Ան բոլոր Հ.Կ.Մ.ականներուն անունով  շնորհաւորեց Գերապայծառ տէրը Յոբելինական տարեդարձներու կապակցութեամբ, մաղթելով երկար կեանք, առողջութիւն, Աստուածահաճոյ ծառայութիւն ու  նորանոր Յոբելեաններ: Ապա խօսք առաւ Պրն. ԺոզէՖ Ղազարեանը համայնքիս Բարեսիրական միութեան ատենապետը ու Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.-ի հիմնադիր անդամներէն: Ան շահեկան կերպով ներկայացուց Գերապայծառ տիրոջ կենսագրականը, քահանայական կեանքի զանազան հանգրուանները ու  կարեւորագոյն պատասխանատուութիւնները զոր ստանձնած է Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան ու Զմմառեան միաբանութեան մէջ: Պրն. Ղազարեան մասնաւորապէս յիշատակեց  Գերապայծառ տիրոջ Դամասկոսի առաջնորդութեան 12 տարիներու արդիւնաւէտ ծառայութիւնը  ու իրագործած զանազան 

damas

ծրագիրները, մանաւանդ շինարարական աշխատանքները ու բարեզարդումները եկեղեցւոյս շրջափակէն ներս, որոնց շնորհիւ մեր եկեղեցին այսօր կը փայլի իր գեղեցկութեամբ:   

Այնուհետեւ ներկաները հաճոյքով ճաշակեցին տիկիններու մեծ խնամքով պատրաստած համեղ ճաշերը :
Այս առթիւ խօսք առաւ նաեւ հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը  որ շնորհաւորեց Գերապայծառ տէրը ու կոչ ուղղեց ներկաներուն չլքելու եկեղեցին ու ներկայ գտնուելու սուրբ Պատարագներուն ու համայնքային ու միութենական զանազան միջոցառումներուն: Գերապայծառ տէրը ներկաներու ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ հատեց մասնաւորապէս պատրեստուած կարկանդակը ու Պրն. Սարգիս Քէշիշեանէն ստացաւ Յոբելինական տարեդարձներու առթիւ  Հ.Կ.Մ.-ի կողմէ յատուկ պատրաստուած յուշանուէրը: Այստեղ նշենք թէ Հ.Կ.Մ.-ի պատանիներէն կազմուած նուագախումբը հայկական եղանակներու կատարումով խանդավառութիւն ստեղծեցին:

Երեկոն վերջ գտաւ Գերապայծառ տիրոջ սրտի խօսքով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Կ.Մ.-ի Տիկնանց վարչութեան ու խորհուրդին,  որ գեղեցիկ  անակնկալ մատուցելով, նշեցին իր քահանայական, եպիսկոպոսական ու առաջնորդութեան Յոբելինական տարեդարձները: Ան շեշտեց թէ քահանաները, եպիսկոպոսները ծառաներն են ժողովուրդին ընտրուած Աստուծոյ կողմէ ու այս ծառայութիւնը կ՝արդիւնաւորուի երբ համայնքի զաւակները կը գործակցին հոգեւորականներուն հետ: Ան շեշետեց թէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքը կարիքը ունի հոգեւոր զարթօնքի, կապուած ըլլալու եկեղեցւոյ, աշխատելու ու աղօթելու վարդապետական կոչումներու համար, մաղթելով որ ապագան ըլլայ փայլուն ու բոլորին ճիգերուն շնորհիւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին  մնայ միշտ պայծառ: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ