Հռոմ
Չորեքշաբթի, 2 փետրուար 2011-ին, Արեւելեան Ժողովի նախագահ կարտինալ Լիոնարտօ Սանտրի, վատիկանեան Արեւելեան Եկեղեցիներու իր կեդրոնի մատրան մէջ ընդունեց Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի նորընծաները, իրենց տեսուչ հօր՝ գերյ. հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեանի եւ փոխ տեսուչ գեր. հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, յանձնեցին Ծիրանաւորին, հայկական սովորութեան համաձայն`օրհնուած մոմը Տեառընդառաջի տօնին առիթով։
Լեւոնեան վարժարանի նորընծաներուն այցը Արեւելեան Ժողովի նախագահին հնամեայ սովորութիւն մըն է, որ սակայն վերջին տարիներուն դադրած էր։ Այս տարուայ այցով այս բարի սովորութիւնը վերահաստատուեցաւ։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ Տեառընդառաջի տօնին յատուկ՝ ՄԱՐՄՆԱՑԵԱԼԴ Ի ԿՈՒՍԷՆ շարականի երգեցողութեամբ, որմէ ետք տեսուչի հրաւէրով վարժարանին աւագ սաները՝ տէր Միքայէլ սրկ. Քայալեանը եւ տէր Անտոն սրկ. Թահանեանը Ծիրանաւորին ներկայացուցին մեծկակ մոմը զարդարուած՝ Արեւելեան սրբազան մանրանկարչութեամբ եւ 2011 թուանշանով։
Իր խօսքին մէջ վարժարանի տեսուչը, ընդգծեց կապը ընդմէջ «Քրիստոսի Տաճար ընծայումին եւ նորընծային Աստուծոյ տաճարին ընծայման» որ է Տիրոջ տան ծառայութեան նպատակը։
Ծիրանաւորը ընդունելով օրհնուած մոմը, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տեսչութեան եւ աշակերտութեան, ու քաջալերեց նորընծաները մնալու հաւատարիմ իրենց կոչումին եւ դառնալու աշխարհի լոյսը ինչպէս Քրիստոս կ՛ակնարկէ Աւետարանին մէջ, երբ խօսքը կ՛ուղղէ իր աշակերտներուն։
Հանդիպումը վերջ գտաւ ՀԱՅՐ ՄԵՐ աղօթքի եւ ՄԻՆՉ ՕՐՐԱՆԷՍ մարեմական մեղեդիի երգեցողութեամբ եւ Ծիրանաւորին օրհնութեամբը՝ որով կը խնդրէր Տիրամայր սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնն ու պաշտպանութիւնը վարժարանին եւ նորընծաներուն։ Կարտինալ Սանտրին ապա իւրաքանչիւրին նուիրեց պապական զինանշանը կրող եւ սրբազան քահանայապետի կողմէ օրհնուած վարադարան մը։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արեւելեան Ժողովի ենթաքարտուղար՝ գերյ. Մաուրիցիո ծ. վրդ. Մալվեսդիդին, կարտինալի անձնական քարտուղար՝ հայր Մարթին, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ՝ գերյ. Հայր Րաֆայէլ ծ. վրդ. Մինասեան, որ այցով կը գտնուի Հռոմ։