Պէյրութ
Ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 8.30-ին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մասնակցեցան Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբումին կազմակերպած բարեսիրական ճաշկերոյթին, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ մարոնիթ Ալ Րաաի պատրիարքին, «Le Royale» պանդոկին մէջ, Տըպպայյէ։
Ճաշկերոյթին յայտարարուեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ համախմբումին կայքէջի նոր հասցէն, ինչպէս նաեւ վաւերագրական տեսաերիզով մը ցուցադրուեցան այն մարտահրաւէրները, որ ներկայիս կը դիմագրաւեն քրիստոնեաները Արեւելքի մէջ, եւ պատրաստութիւնները այս առընչութեամբ յառաջիկայ համագումարին համար։
Այս առիթով, պատրիարք Ալ Րաաի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Արեւելքի քրիստոնեաները հիմնական մաս կը կազմեն այս տարածաշրջանին, կը պատկանին անոր մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան, հետեւաբար անոնք իւրայատուկ դեր ունին կատարելիք համերաշխութեամբ գործակցելով իրենց իսլամ եղբայրակիցներուն հետ, դիմագրաւելու համար բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, եւ հասնելու համար այն միասնական արժանի ընկերութեան, լի կրօնական ու մարդկային վեհ արժէքներով։