Հինգշաբթի, 16 Յունիս 2011 - Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յիշատակութեան պատրաստութիւն

 

Պէյրութ,

Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յիշատակութեան եւ անոր պատրաստութեան համար Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կազմեց հետեւեալ անուններով Պատրիարքական կեդրոնական խորհուրդ մը, որպէսզի կազմակերպէ հանդիսութիւնները, որոնք պիտի կատարուին 2015-ին:

Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յիշատակութեան պատրիարքական կեդրոնական խորհուրդի անդամներն են՝

Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, Սարգիս Նաճարեան, Զուարթ Նաճարեան, Ռաֆայէլ Ումուտեան եւ Կրէկուար Գալուստ:

Այս խորհուրդը Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յիշատակութեան համար ամենաբարձրն է, որ պիտի համադրէ աշխարհատարած բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հասարակութիւններուն կազմակերպելիք հանդիսութիւնները: Այս խորհուրդին կողքին պիտի կազմուի նաեւ միջազգային ներկայացուցչական բազմանդամ յանձնախումբ, որուն անուանացանկը պիտի յայտարարուի յաջորդ օրերուն:

Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ