Հռոմ
Հարցազրոյց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ՝ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսներու Յառաջիկայ Սիւնհոդոսին Առթիւ ։
Յառաջիկայ 10 հոկտեմբերէն մինչեւ 24 հոկտեմբեր Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը որու պիտի մասնակցի Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ի տես յառաջիկայ Սիւնհոդոսին, պատասխանած է Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթ Օսէրվաթորէ Ռոմանոյի աշխատակից լրագրող Մարիօ Բոնցիի կարգ մը հարցումներուն ։
՝՝Տառապանք եւ աղքատութիւն, աշխատանքի գրեթէ ոչ մի հեռանկար, ապագայի անապահովութիւն, քրիստոնէական ինքնութեան յարաճուն կորուստը՝ աշխարհականացումի աճող մթնոլորտի հետեւանք՝՝ բոլոր ասոնք մարտահրաւէրներ են, որոնք կը դիմագրաւեն Միջին Արեւելքի կաթողիկէները, ապա մեծամասնական հասարակութիւններու հալածիչ վարմունքը կր հանդիսանան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ արիւնահոսութեան գլխաւոր պատճառները (ըսած է կաթողիկոս պատրիարքը)։ Մենք մեր հաւատացեալներուն պէտք է հաղորդենք քրիստոնեայ ըլլալու ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը, իրենք զիրենք պատասխանատու զգալու ընտանեկան յարկէն ներս ու նաեւ աշխատավայրերու բարի գնացքէն, ուր կանչուած ենք տալու մեր վկայութիւնը ,նոյնպէս քաղաքականութեան մէջ որ հիմնուած ըլլայ ՝՝արդարութեան ու հաւասարութեան՝՝ վրայ, նկատի առնելով ընկերութեան բոլոր խաւերը։ Ապա պէտք է համոզուած ըլլանք ապրիլ հոն՝ուր Տէրը ուզեց որ ըլլանք՝ լոյսը, աղը ու խմորը այն միջավայրերուն ՝ յորում կանչուած ենք վկայելու։
՝՝Ինչու այսօր քրիստոնեաները չեն գիտակցիր իրենց քրիստոնէական ինքնութեան՝՝ հարցումին, կաթողիկոս պատրիարքը տուած է հետեւեալ պատասխանը.....
Որովհետեւ շատ մը պարագաներուն անոնք կը զգան թէ կը պատկանին դաւանանքի մը, կամ յատուկ ծէսի մը,երանի թէ բոլոր քրիստոնեաները իրար զիրար սիրեն կաթողիկէներ, օրթոտոքսներ, բողոքականեր եւ իրարու հետ գործակցին տալու համար միութեան վկայութիւն մը ,ըլլալու համար Աւետարանի ճշմարիտ վկաները։ Ծանօթ է, որ քրիստոնեաներուն բաժանումը արգելք մըն է Աւետարանի քարոզութեան եւ թէ գայթակղութիւն մըն է ոչ քրիստոնեաներուն առջեւ։ Բաժանեալ քրիստոնեաները կը կորսնցնեն իրենց հաւատալիութիւնը որպէս աշակերտները Քրիստոսի՝ որ քարոզեց ՝՝սէր եւ միութիւն՝՝։ Ապա խօսելով մարտահրաւէրներու մասին Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը կ՝ըսէ ՝՝Մարտահրաւէրներու առաջինը ՝՝աղքատութիւնն՝՝ է, որ շուտով սկսած է զգենուլ ընկերային ողբերգութեան մը յատկութիւնները,որովհետեւ օրէ օր կը պակսի այն ինչ որ էական է, որու կը յաւելնու միջին արեւելքի ընկերութեան մէջ յառաջացած խոր փոփոխութիւնը...., կորոսուած է միջին դասակարգը, կամ շատ աղքատ էք եւ կամ հարուստ. այսօր նոյնիսկ հարուստներու թիւի նուազում մը սկսած է, այն քիչերը որոնք բարեկեցիկ են, կը նախընտրեն իրենց ներդրումը արտասահմանի մէջ կատարել։ Յետին աղքատները յետին դժուարութիւններու մէջ կ՝ապրին. կարելիութիւնը չունին տան վարձքը վճառելու, չեն կրնար բժշկուիլ ,եւ չունին աշխատանքի ոչ մի կարելիութիւն։ Այժմ կայ նաեւ ունեցած գործը կորսնցնելու մեծ վախը, նկատի առնելով տնտեսական համաշխարհային տագնապը որ այս հողաշերտի վրայ առաւել ծանր է եւ տաժանելի,այս ողբերգական կացութեան պէտք է կցել նաեւ ՝՝ապահովութեան պակասը՝՝ հարց մը որ կը հայի ամբողջ Միջին Արեւելքին, որ վայր մըն է անվերջ ընդհարումներու։ Լիբանանը օրինակի համար երբէք հինգ տարի շարունակ չկրցաւ ապրիլ խաղաղութեան մէջ։ Եւ այս կացութիւնը կը ստիպէ քրիստոնեաները գաղթելու կամ ընտանեօք բոլորը միասին , եւ կամ թէ ընտանիքները կը մնան բայց երիտասարդները կը գաղթեն։ Մենք մեր կողմէ (կ՝ըսէ Պատրիարք Հայրը այս հարցազրոյցին մէջ) կը ջանանք յոյս ներշնչել , որ դիւրին գործ մը չէ.....
Ապա լրագրողի այն հարցումին թէ Կիպրոսի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի ձեռքէն ուղղակի ստացաք ՝՝Instrumentum laboris՝՝ այսինքն յառաջիկայ Սիւնոդհոսի աշխատանքի թղթածրարը , ինչ կը խորհիք Սրբազան Հօր մասին.....
Պատրիարք Հայրը կը պատասխանէ ՝՝ Քահանայապետը խաղաղութեան պատգամաբերն է, Քահանայապետը գնաց Կիպրոս որպէս ուխտաւոր եւ որպէս խաղաղարար ,եւ լաւ հիւրընկալուեցաւ հակառակ այն լարուածութիւններուն որ գոյութիւն ունին 1974էն սկսեալ Կղզիի երկու հասարակութիւներու այն է յոյն-թուրք հասարակութիւններու ու նաեւ քրիստոնեայ իսլամ հասարակութիւններու միջեւ։ Քահանայապետը յատկապէս եւ մասնաւորապէս կրկնեց պատգամը ՝՝խաղաղութեան՝՝ եւ պատգամը՝՝համերաշխութեան ու ներումի՝՝. մխիթարեց կաթողիկէները, ամրապնդեց կապերը յոյն-օրթոտոքս Եկեղեցիին հետ, ու նաեւ նպաստաւոր հանդիսացաւ (եթէ նոյնիսկ կարճատեւ) Սրբազան Հօր ունեցած տեսակցութիւնը Իսլամ կրօնապետին հետ,տեսացկութիւն մը ոչ կազմակերպուած,այլ անակնկալ, որ տեղի ունեցաւ Սուֆի կրօնապետի խնդրանքին համաձայն ։
սոյն հարցազրոյցը կը ներկայացնենք հանրութեան Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժինի գործակցութեամբ