Պէյրութ, Լիբանան
Ուրբաթ՝ 24 Ապրիլ 2009-ին, առաւօտեան ժամը 9:00ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղը, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող Եղեռնի նուիրուած յուշակոթողին շուրջ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեան, Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանի թեկնածուները եւ հայորդիներու մեծ բազմութիւն մը: Անոնց դիմաւորեցին Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան եւ Ս. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Գազանճեան:
Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան խօսք առնելով շեշտեց, որ պատրիարքարանի նահատակաց յուշակոթողին 70-ամեակն է այս տարի՝ աւելցնելով, որ հայորդիներ տարիներու ընթացքին իրենց ուժերով պաշտպանած են հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու դատը:
Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան հաստատեց, թէ նոր սերունդը արդարամտութեամբ ստանձնեց պայքարի ջահը, որպէսզի հետապնդէ նախնիներուն աշխատանքը: Իր խօսքի աւարտին վարդապետը շեշտեց, որ հայութիւնը միասնականութեան ոգիով կրնայ զօրանալ եւ նոր նուաճումներ ձեռք բերել:
Ժամը 11:00ին, Հ.Մ.Մ.ի սկաուտախումբը եւ շեփորախումբը, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Ը.ի սկաուտները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Ս. Մեսրոպի սկաուտները ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշակոթողին առջեւ: