Շաբաթ, 28 Մարտ 2009 - «Քահանայապետական Բարեգործութիւն Ի Սպաս Առաքեալ Մանունկներու»Կազմակերպութենէն Մեսրոպեանի Մէջ

Լիբանան

 
Ուրբաթ, 27 Մարտ 2009-ի կէսօրուան ժամը 12:30-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան այցելեցին «Քահանայապետական
 
Բարեգործութիւն ի սպաս Առաքելական Մանուկներու» կազմակերպութեան Պրազիլի գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր Տանիէլ Վրդ. Լակնի, կազմակերպութեան Ֆրանսայի գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր Իվ Փէքիէօ, կազմակերպութեան Ֆրանսայի գրասենեակի գլխաւոր քարտուղար՝ Պր. Կէյթան Պուշարլա, Պր. Իվան Փարատիզի՝ կազմակերպութեան կապի եւ զարգացումի հարցերով պատասխանատուն, կազմակերպութեան Իտալիոյ գրասենեակի գլխաւոր քարտուղար՝ Հայր Փիէթրօ Փիէռոպոն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր Փոլ Վրդ. Քարամ:

Անոնք դիմաւորուեցան, Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի եւ  վարժարանիս տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի կողմէ, հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեան: Մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին, պարոն տնօրէնը յարգոյ հիւրերուն, փոխանցեց վարժարանի մասին ամփոփ, բայց լիարժէք տեղեկութիւններ, կապուած վարժարանի ներկայի, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրներուն հետ:

Վարժարանի եւ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ մասին գեղեցիկ տպաւորութիւններով, մեծարգոյ հիւրերը մեկնեցան շրջափակէն, շրջագայելու համար Պուրճ Համուտի մէջ, ինչպէս նաեւ ճաշակելու համար «Պուրճ Համուտեան համեղ պատառը»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ