Դամասկոս, 6 օգոստոս 2012
Ամենապատիւ եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրեր, Մխիթարեան միաբանութեան հոգեւոր հայրեր եւ Աշգարեան գերդաստանի սգակիրներ։
Այս տխուր պահին երբ կը պատրաստուիք հողին յանձնել Երջանկայիշատակ Հայր Վարդան եպս.Աշգարեանի մարմինը, կը միանանք Ձեզ մեր աղօթքներով, որպէսզի ամենակալ Տէր Աստուած իր ծառային հոգին ընդունի իր սուրբերու կողքին ու յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ երկնային օթեւաններուն մէջ։
Ճանցանք երջանկայիշատակ Հայր Վարդանը որպէս անբասիր հոգեւորական։ Շատ անգամներ վայելեցինք իր ներկայութիւնը Դամասկոս որպէս բանախօս մեր ազգային տօնակատարութիւններուն, ոգեւորուելով իր հայաշունչ խօսքէն ու միտքէն։ Ճանցանք նաեւ Աշգարեան Գերապայծառը որպէս գիրի ու գրականութեան մարդ կարդալով իր կուռ գրութիւնները։ Որպէս երկար տարիներու Պատրիարքական փոխանորդ ու ՀԿ Պատրիարքական թեմի դպրոցներու խորհուրդի նախագահ, հետեւեցանք իր իրագործումներուն ու բծախնդիր աշխատանքին։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի եւ Յիսուս Քրիստոս իր սուրբերու եւ սիրելիներու բարեխօսութեամբ խաղաղութիւն տայ աշխարհին ու մեր նուիրապետութեան հասցնէ նոր կոչումներ ու հոգեւորականներ որոնք հետեւին եջանակայիշատակ Հայր Վարդանի կեանքի եւ գործի օրինակին։
Ի դիմաց ՀԿՄ-ի խորհուրդին՝
Ատենապետ Ատենադպիր
Սարգիս Քէշիշեան Արամ Գայայեան