Շաբաթ, 28 Յուլիս 2012 - Գոյժ Վարդան եպիսկոպոս Աշգարեանի մահուան

 

Պէյրութ

 

Մահազդ

 

Խաղաղութեամբ յայս եւ ի սոյն ննջեսցուք եւ զարթիցուք.

զի դու Տէր, միայն առանձին յուսով քով բնակեցուցեր զմեզ:

(Սաղմոս 4, 9)

 

 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը կը գոյժէ մահը Վարդան եպիսկոպոս Աշգարեանին, Պէյրութի պատրիարքական թեմին վաստակաւոր փոխանորդին, որ պատահեցաւ շաբաթ 28 յուլիս 2012-ին, Մխիթարեան հայրերու վանքին մէջ, Վիեննա:

 

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ (Պուրժ Համուտ),  իսկ մարմինը պիտի ամփոփուի Այնճարի ընտանեկան դամբարանին մէջ:

Հայ Կաղոթիկէ Պատրիարքարանը գալիք օրերուն հաղորդամիջոցներով պիտի տեղեկացնէ արարողութեանց ժամերն ու այլ տեղեկութիւններ:

Վախճանեալ եպիսկոպոսը ծնած է Հարպիյէ (այժմ՝ Թուրքիա), 22 յունուար 1936-ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է, եւ կրօնաւոր Մխիթարեան միաբանութեան մէջ 22 յունուար 1961-ին: Թոքադի հայոց թեմի տիտղոսաւոր եպիսկոպոս ընտրուած է 28 սեպտեմբեր 1987-ին: Հանգուցեալին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը կատարած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարքը, Պէյրութի մէջ, 17 յունուար 1988-ին: Վախճանեալ եպիսկոպոսը հրաժարականը ներկայացուց 2011-ին պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն եւ քաշուեցաւ Վիեննա, Մխիթարեան միաբանութեան վանքը, ուր երկրաւոր աչքերը փակեց (28 յուլիս 2012), խաղաղութեամբ բանալու համար նոր կեանքի աչքերը իր երկնաւոր Հօր առջեւ:

 

Կը վերյիշենք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը Աշգարեան եպիսկոպոսի ողջերթի պահուն, որ ի միջի այլոց ըսաւ.

«Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Մշակոյթին ծառայութեամբ յատկանշուած իր կեանքը, Գերապայծառ Աշգարեան նուիրեց Աստուծոյ:
Արդարեւ, մեծանուն նահատակ բանաստեղծին, Դանիէլ Վարուժանի հետեւողութեամբ ան գրեց.

Ով Աստուած, Դուն ինծի կեանք մը տուիր, ու ես զայն ամբողջութեամբ Քեզի նուիրեցի ահա:
Իր կեանքը ամբողջութեամբ Աստուծոյ նուիրելու հոգեկան բաւարարութիւնը՝ եղաւ Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեանին ծառայութեան մեծագոյն վարձատրութիւնը
»:

 

Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ