Կազմակերպութեամբ Աշրաֆիէի «սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» սկաուտախումբին (հիմնուած՝ 1928-ին), կիրակի, 15 մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ տարեկան ուխտանգնացութիւն-շրջապտոյտը դէպի Ղազիրի պատմական Անտոնեան միաբանութեան պատկանող սուրբ Փրկիչ (Պէյթ Խաշպօ) վանքը։ Վանքին մէջ սուրբ Պատարագ մատոյց սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ եւ սկաուտախումբի հոգեւոր հովիւ եւ վարիչ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։
Սուրբ Պատարագէն ետք, ուխտաւորները ուղղուեցան դէպի Պնաշէ լիճը, ապա կէսօրուան ճաշը տեղի ունեցաւ Էհտէնի տեսարժան վայրին մէջ։ Այս առիթով, սկաուտախումբի հրամանատար Միհրան Այնէճեան ցուցադրեց տեսաերիզ մը սկաուտախումբին մասին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ վիճակահանութիւն։ Շրջապտոյտին վերջին վայրն էր՝ Միզիարա ուխտատեղին։