Քեսապ, Սուրիա
Ուրբաթ 24 Ապրիլ 2009-ին, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւնը, որ սկսաւ մէկ վարկեան ոտնկայս լռութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց պատուելի Սեւակ Թրաշեան: Օրուան բանախօսն էր տէր Եղիշէ քհնյ. Սարգիսեան: Ան ըսաւ թէ որքան մեծ ոճիռ է մարդ սպաննելը, այնքան աւելի մեծ եւ աւելի ահաւոր է ամբողջ ազգ մը բնաջնջելը: Տէր հայրը ըսաւ մեզի կը թուի թէ թուրքը փոխուած է, սակայն ան կը մնայ նոյնը: Փակման խօսքով հանդէս եկաւ հայր Գարեգին վրդ. Քէօշքերեան, որ կոչ ուղղեց չվստահիլ թուրքին եւ չհաւատալ անոր, մինչեւ որ ճանչնայ եւ խոստովանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ մեր ժողովուրդին պահանջատիրութեան ամբողջական ծրարը: Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր ասմունքներ, ազգային եւ հոգեւոր երգերու խմբային երգեր, մեներգներ եւ նուագներ: Ձեռնարկի աւարտին ներկաները թափօր կազմելով դէպի Քեսապի գերեզմանատուն ուղղուեցան «Տէր Ողորմեա» շարականը երգելով ուր նահատակաց յուշատձանին առջեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ մեր բոլոր նահատաներուն հոգիին հանգստեան համար: