Հռոմ, Իտալիա
Վատիկանի Լրատուական Սպասարկութիւնը(VIS) Երեքշաբթի՝ 26 Փետրուար 2008ին, փոխանցեց թէ վատիկանեան կառավարութեան քարտուղար՝ կարդինալ Թարսիզիո Պէրթօնի պիտի այցելէ Հայաստան:
Ընդառաջելով Հայաստանի քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններու հրաւէրին, կարդինալ Պէրթրօնի պիտի այցելէ Հայաստան 2-6 Մարտ 2008ին, որուն ընթացքին առիթը պիտւ ունենայ յայտնելու Սրբազան Պապի աջակցութիւնը եւ մօտիկ զգացումները Հայաստանի Կաթողիկէ հաւատացեալներուն հանդէպ:
Կարդինալ Պէրթրօնի հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ:
Անոր պիտի ընդունի ՆՍՕՏՏ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ որուն Պէրթեօնի պիտի յանձնէ Սրբազան Քահանայապետին ուղարկած նամակը, որուն մէջ կ՛արտայատէ իր փափաքը որ Կաթողիկէ եկեղեցին շարունակէ իր համամիութենական ճանապարհը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողքին: