Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2011 - Թէյրուզեան եպիսկոպոսը նախագահ՝ հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու յանձնախումբին


Պէյրութ

Երկուշաբթի 21 նոյեմբեր 2011, թիւ 254/11 նամակով, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անուանեց արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը նախագահ՝ հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու յանձնախումբին, նկատի առած որ այս կարեւոր պաշտօնը թափուր մնացած է արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի հրաժարումով։
Հոգեւոր տէրը նամակին մէջ կը յայտնէ թէ «Մեր վարժարանները կը նկատուին երրորդ ազդակը մտային կազմաւորումին եւ հոգեւոր սկզբունքներու դաստիարակութեան՝ ընտանիքէն եւ ժողովրդապետութենէն ետք։ Ինչ որ մանուկը կամ երիտասարդը կը սորվի վարժարանէն ներս դրոշմուած կը մնայ անոր մտքին ու սրտին մէջ։ Կը բարձրացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի քեզի պարգեւէ աւետարանական իմաստութիւնը եւ լոյսը ուղիղ կերպով առաջնորդելու համար ապագայ հայրերն ու մայրերը, որոնք սիւները պիտի կազմեն մեր հայ Կաթողիկէ համայնքին։ Աղօթող եմ որպէսզի Զմմառու Տիրամայրը հովանի ըլլայ քեզի ու վարժարաններու տնօրէններուն եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին՝ հարազատ շառաւիղները ըլլաք»։
 
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ