Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2008 - Դամասկոսի «Քնար» Երգչախումբի Ելոյթ

Դամասկոս, Սուրիա
 

 
Դամասկոսը 2008 թուականի արաբական մշակոյթի մայրաքաղաք հռչակման առիթով՝ բազմաթիւ միջոցառումներու ու փառատօններու ծիրէն ներս, 26 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի մշակութային շաբաթը Սուրիոյ մէջ, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան ու Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան: Այս առթիւ հայրենի  բարձրաստիճան պատասխանատուներու ու արուեստագէտներու մեծաթիւ պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Տիկին Յասմիկ Պօղոսեանի ժամանեց Դամասկոս: Պաշտօնական պատուիրակութիւնը ունեցաւ հանդիպումներ Սուրիոյ կառավարութեան կարեւոր պաշտօնակատարներու հետ, մանաւանդ փոխ-նախագահ Տիկին Նաժահ Աթթարի ու մշակոյթի նախարար Տոքթ.Րիատ Նաասան Աղայի հետ, քննարկելով ապագայի մշակութային գործակցութեան հեռանկարները Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ: Չորեքշաբթի 26 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Դամասկոսի ազգային թանգարանի մէջ, մշակոյթի 2 նախարարները միասնաբար բացումը կատարեցին  հայրենի կերպարուեստի բացառիկ գործերու, Մատենաթարանէն յատուկ բերուած ձեռագիրներու ու Հայաստանի ազգային թանգարանի մէջ պահուող արաբական արժէքաւոր դրամանիշներու ցուցահանդէսին: Երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Տար էլ Ասատ» ազգային օփերայի  թատերական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Հայաստանի մշակութային շաբթուան: Ներկայ էին Սուրիոյ ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարները, հայրենի պատուիրակութեան անդամներ ու Սուրիոյ կառավարութեան պաշտօնակատարներ, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տոքթ. Արշակ Փոլատեանը,  Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը, Հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանը, հոգեւորական հայրեր,հրաւիրեալ դիւանագէտներ  ու  հոծ բազմութիւն մը տեղացի արուեստասէրներու ու դամասկահայ գաղութի զաւակներու: Սուրիոյ ու Հայաստանի ազգային քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք խօսք առին Սուրիոյ մշակոյթի նախարարը, ապա Հայաստանի մշակոյթի նախարար Տիկին Պօղոսեանը, որոնք մեծ գնահատանքով խօսեցան Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ամուր կապերու մասին , շեշտը դնելով մշակութային ապագայ գործակցութեան վրայ: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգչախումբը խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի: Երգչախումբը երգեցողութիւնը արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին: «Քնար» երգչախումբի յիշարժան մասնակցութիւնը սոյն կարեւոր միջոցառումին՝ եղաւ հրաւէրովը  Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տոքթ. Արշակ Փոլատեանի: Երգչախումբը ներկայացուց Հենրիկ Անասեանի մշակումով «Նայիրեան դալար բարտի»ն, Ռոպերթ Պետրոսեանի «Ֆանդազիա Սայաթ Նովայի երգերու հիման վրայ» գործը եւ վերջապէս Էտկար Յովհաննիսեանի «Մայր Հայաստան» խմբերգը: Ներկաներու գեղարուեստական վայելքը ամբողջացաւ Հայաստանի հանրապետութեան պարի պետական խումբի սքանչելի ելոյթով: Հայրենի արուեստագէտները գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Էրիք Չանչուրեանի՝ Հայկական խրոխտ պարերով, ազգային նուագարաններու ընկերակցութեամբ, թնդացուցին սրահը, խլելով հանդիսատէսներու խանդավառ ծափերը:
 
Անկասկած որ հանդիսութիւնը հայ մշակոյթի պանծալի ներկայացում էր որ մեծ տպաւորութիւն ստեղծեց մանաւանդ տեղացի հանդիսատէսներու մօտ: Նշենք թէ այս առթիւ Սուրիոյ
 
մշակոյթի նախարարութիւնը պատրաստած էր յատուկ գրքոյկներ արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով, ուր տեղ գտած էին տեղեկութիւններ մշակոյթի շաբթուայ յայտագրի մասին,թանգարանի մէջ ցուցադրուած հայկական արուեստի գործերու ու դրամանիշներու պատկերները, ինչպէս նաեւ «Քնար» երգչախումբի ու պարի պետական խումբի ամփոփ պատմականները: Նոյն առիթով Տոքթ. Արշակ Փոլատեանը լոյս ընծայած էր արաբերէն լեզուով, պակերազարդ գեղեցիկ գրքոյկ մը Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրերու ու աւանդութիւններու մասին: Հայկական մշակոյթի շաբթուայ գործունէութիւններու մասին Սուրիոյ տեղական մամուլը ու հեռատեսիլի կայանները լայնօրէն արձագանգեցին, դրուատելով բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցող խումբերը , տեղեկութիւններ տրամադրելով մշակոյթի շաբթուայ ծրագրի մասին:Հայրենի պատուիրակութեան անդամները եւս մեծ գոհունակութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան սիրալիր վերաբերմունքի  ու մշակոյթի շաբթուայ յաջող կազմակերպութեան համար: Անոնք մեծ դրուատիքով խօսեցան «Քնար» երգչախումբի մասին, մեծապէս գովելի գտնելով Տոքթ.Արշակ Փոլատեանի նախաձեռնութիւնը նման հանդիսութեան մասնակից դարցնել դամասկահայ խումբ մը, ինչ որ կը շեշտադրէ մեր մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ ունենալու գաղափարը: Շաբթուայ մնացեալ օրերուն Դամասկոսի, Հալէպի ու Լաթաքիայի մէջ ներկայացումներ ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան Տիկնիկային թատրոնը մեծ գոհունակութիւն պատճառելով ներկայ փոքրիկներուն: Նոյնպէս ցուցադրուեցաւ Աշուղ Ճիւանիի արձանի շինութեան ու դէպի իր ծննդավայր Ջաւախք փոխադրման   մասին գեղարուեստական Ֆիլմ մը «Բոէթի վերադարձը» անունով: Մատենադարանի ձեռագրերու վերանորոգման բաժնի պատասխանատու Տիկին Գայանէ Իլիազեան, Դամասկոսի ազգային թանգարանի, «Դամասկոսեան» սրահի մէջ տուաւ դասախօսութիւն մը Երեւանի մատենադարանի մէջ ձեռագրերու վերանորոգման արհեստավարժութեան մասին: Ի վերջոյ յիշենք թէ այս առիթով Դամասկոս ժամանած հայրենի պատասխանատուները կնքեցին կարեւոր համաձայնա•րեր Դամասկոսի Օփերայի, ազգային թանգարանի, ազ•ային գրադարանի տնօրէնութիւններու հետ մասնագիտական գործակցութիւն ստեղծելու ու փորձառութիւններ փոխանակելու կապակցութեամբ: 
 Վերջապէս պէտք է հաստատել, թէ մեծապէս հպարտալի ու ուրախալի էր սուրիահայութեան համար  նման հայկական միջոցառումներու կազմակերպութիւնը եւ մանաւանդ  այս առթիւ հնչած խօսքերը Սուրիոյ եւ Հայաստանի պետական բարձրաստիճան այրերու կողմէ Հայ-Արաբ սերտ կապերու մասին: Այս առթիւ փոխ նախագահ Տոքթ.Նաժահ Աթթար հետեւեալ հաստատումը կատարած է թէ «Հայ ժողովուրդը մեզի համար հասարակ ժողովուրդ մը չէ, այլ մեր ժողովուրդին մաս կը կազմէ»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ