Զմմառ
Կիրակի, 1 յունիս 2014-ին, տօնախմբուեցաւ Զմմառու վանքին աւանդական Ուխտի Օրը, կազմակերպութեամբ վանքի վարչական խորհուրդին, մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ «Սուրբ Փրկիչ» ժողովրդապետութեան Արծիւեան երգչախումբի, ղեկավարութեամբ տիար Մանուէլ Սրկ. Քէշիշեանի, Սուրբ Մեսրոպի սկաուտներուն եւ ՀԿՄ Պատանեկան միութեան մասնակցութեամբ:
Առաւօտեան ժամը 10-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր թափօր, որուն յաջորդեց Հայրապետական սուրբ եւ անմահ Պատարագ,
նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, առընթերակայութեամբ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանի եւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Աստուածածնայ նմանելու ուղին եւ մատնանշեց երեք բայեր՝ լսել, խորհրդածել եւ որոշել:
Յետմիջօրէին՝ ժամը 3-ին, կատարուեցաւ Վարդարանի աղօթքը մեծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: