Վատիկան
Երեքշաբթի 7 փետրուարի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուց Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին Քառասնորդաց շրջանին առթիւ յղած պատգամը, որու խորագիրն է՝ «Իրարու ուշադիր ըլլանք, զիրար խթանելով ողորմութեան ու բարի գործերուն մէջ»։ Պատգամին ներկայացումը կատարեցին «Մէկ Սիրտ» քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի նախագահը՝ կարդինալ Րոպերթ Սարան, վերոյիշեալ խորհուրդի փոխ նախագահը՝ գերապայծառ Ճամբիէթրօ Թոզօ եւ ենթաքարտուղար գերապայածառ Սէկունտօ Դէատօ Միունոզ։
Իր յղած պատգամին մէջ սրբազան քահանայապետը կը յայտնէ թէ Քառասնորդաց շրջանը առիթ մըն է խորհրդածելու՝ «ողորմութեան» մասին, որ քրիստոնէական կեանքի կեդրոնն է։
Արդարեւ՝ կը գրէ ան. «Այս ժամանակաշրջանը պատեհ առիթ մըն է՝ սուրբ գրային ընթերցումներու եւ խորհուրդներու մատակարարութեան օգնութեամբ՝ նորոգելու մեր հաւատքի ուխտը, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ։ Ուղեւորութիւն մըն է. դրոշմուած՝ աղօթքով ու բաժնեկցութեամբ, լռութեամբ ու ծոմապահութեամբ՝ ի պատրաստութիւն Զատկուայ ուրախութիւնը ապրելու։
Սրբազան պապը իր պատգամի առաջին մասը կը յատկացնէ քրիստոնեայի պարտականութեան որ է՝ «ուշադիր ըլլալ եղբայրակիցներուն ու անոնց հանդէպ պատասխանատուութիւն ցուցաբերել»։
Ուրիշի հանդէպ ուշադիր ըլլալու հետեւանքը կը նշանակէ անոր համար փնտռել բարիքը ըլլայ ֆիզիքական ըլլայ բարոյական եւ ըլլայ հոգեկան գետնի վրայ։ Ժամանակակից մշակոյթը կարծէք կորսնցուցած է «Բարիի եւ Չարի» իմաստը` մինչ հարկ է հաստատել թէ բարին գոյութիւն ունի եւ միշտ յաղթական է որովհետեւ Աստուած «բարի է ու բարին կը գործէ»։
Պատգամին երկրոդ բաժինը, կը մատնանշէ փոխադարձութեան պարգեւի կարեւորութիւնը։ Այսօրուայ ընկերութիւնը կը թուի անտարբեր ու խուլ ֆիզիքական տանջանքներու ու նաեւ կեանքի հոգեւոր եւ բարոյական պահանջներու դիմաց, կը գրէ սրբազան պապը։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը սակայն տարբեր ձեւով ապրելու է։ Սուրբ Պօղոս կը հրաւիրէ հաւատացեալները հետապնդելու «ինչ որ նպաստաւոր է խաղաղութեան եւ փոխադարձ օգնութեան» առանց փնտռելու անձնական շահը այլ նախանձախնդիր ըլլալ բազմութեան օգուտին որպէսզի ամէնքն ալ փրկուին։ Իրար զիրար յորդորելը ու փոխադարձաբար խրատելը ` հեզութեան ու սիրոյ հոգիով՝ քրիտոնէական կեանքի կարեւոր մասը պէտք է ըլլայ։
Հուսկ պատգամին երրորդ ու վերջին մասը կեդրոնացած է պատգամի խորագրի վերջին հատուածին. «Մէկը միւսը խթանել որղորմութեան ու բարի գործերուն մէջ» միասնաբար ընթանալու դէպի սրբութիւն։ Նորին սրբութիւնը ապա կ՛եզրափակէ պատգամը կոչ ուղղելով բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, պատասխանելու՝ աշխարհի քրիստոնեաներէն սպասած պահանջքին, Տիրոջ հանդէպ սիրոյ եւ հաւատարմութեան նորոգուած վկայութիւն մը տալու։ Հարկ է - կը հասատատէ սրբազան պապը - որ ամէնքս զգանք այս պահանջքը ու յանձնառութեամբ գործենք սիրոյ ճանապարհով նա մանաւանդ Զատկուայ պատրաստողական քառասնորդաց այս շրջանի ընթացքին։ Արդիւնաւոր եւ սուրբ քառասնորդացի բարի մաղթանքերով բոլորդ կը յանձնեմ սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան ու ձեր վրայ կը հայցեմ հայրական օրհնութիւնը։