Գահիրէ
Իսլամներու Ֆիթրի տօնին առիթով, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա այցելած է Եգիպտոսի մէջ Ազհարի շէյխ Ահմատ Ալ Թայյէպին, զինք շնորհաւորելու եւ իր բարեմաղթանքները փոխանցելու համար: Հանդիպումին, երկու կողմերը անդրադարձած են Արեւելքի դժուարին պայմաններուն, խնդրելով Աստուծմէ որ օգնէ խաղաղութեան ու ապահովութեան վերականգնումին տարածաշրջանին մէջ:
Նշենք, որ գերապայծառ տէրը այս առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Եգիպտոսի նախագահին, Ազհարի շէյխին, հանրապետութեան միւֆթիին եւ երկրի այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու: