Հինգշաբթի, 24 Յունուար 2013 - Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 47-րդ օրուան առթիւ քահանայապետական պատգամի ներկայացում

Վատիկան

Այսօր առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին յղած պատգամը Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 47-րդ  օրուան առթիւ։ Պատգամին խորագիրն է՝ «Ընկերային Ցանցեր, ճշմարտութեան եւ հաւատքի աղբիւրներ, աւետարանացման նոր միջավայրեր»։

Ընկերային հաղորդամիջոցներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ մոնսինիոր Գլաուտիօ Մարիա Չելլին ներկայացուց պատգամը, ներկայութեամբ միջազգային եւ կաթողիկէ լրատուամիջոցներուն։ Ան նշեց, թէ ընկերային համացանցերը երկխօսութեան եւ շինիչ բանավէճի առիթներ կ'ընծայեն, ամրապնդելով մարդոց միջեւ միութիւնը եւ յառաջացնելով արդիւնաւէտ ներդաշնակութիւնը մարդկային ընտանիքէն ներս։  

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ