Հինգշաբթի, 5 Փետրուար 2009 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կը Պարգեւատրէ ԺոզէՖ Ապպուտ Պօղոսը

Պէյրութ, Լիբանան

Շաբաթ 31 Յունուար 2008ին, երեկոյեան ժամը 6:00ին, Ֆէնիսիա պանդոկի «Grand Ballroom» սրահէն ներս, Տանն Կիլիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պերտոս ԺԹ. ԿաթողիկոսՊատրիարքը պարգեւատրեց պրն. ԺոզէՖ Ապպուտ Պօղոսը Մեծն Գրիգոր Քահանայապետի Ասպետի կարգի շքանշանով, անոր բարեսիրական գործերուն, հաւատարմութեան եւ նուիրումին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ համայքին: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը մաղթեց որ ներկայ Քրիստոնեայ ժողովուրդին մէջ եւս աւելի շատանան այսպիսի նուիրեալ անհատներ յանուն մարդկութեան, ընկերութեան եւ Հայրենիքի ծառայութեան:

Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ պատմաբան Իվ Թրէնոնի «Մարտին 1915» նորատիպ գիրքը, որ վերլուծական ուսումնասիրութիւն մըն է եւ կ’անդրանդառնայ 1915 թուին հայոց ցեղասպանութեան մասին: Գիրքը կը պարունակէ պատմական եւ քաղաքական վերլուծումներ համաշխարհային պատերազմի սեմին, Տիարպէքիրի պատմական տուեալներու եւ հալածանքներու մասին եւ մասնաւորաբար Մարտինի հայոց ջարդին մասին որուն հիմնական դէմքերէն է Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը: Գիրքը կ’ընդգրկէ նաեւ վկայութիւններ այս պատմական տխուր եւ աղէտալի դէպքերուն շուրջ::

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ