Կենսագրութիւն
Պօղոս Պետրոս ԺԳ. Թերզեան
(1910-1931)
Քէօթահեացի: Իր պատրիարքութեան յաջորդ տարին իսկ, Հռոմի մէջ 1911-ին Ազգային Սիւնհոդոսը գումարեց, որուն ընթացքին յստակացուեցան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս հաւատալիքները, իրաւասութիւնները, եկեղեցական խորհուրդները, անոնց մատակարարումը, ծիսական կանոնները, տօնացոյցը, կոչումներու պատրաստութիւնը, ժողովրդապետութեանց կազմակերպութիւնը, եկեղեցական ատեանի օրէնքները, թեմերու բարւոք մատակարարումը:
Բայց սինոդական Հայրերը, իրենց թեմերը դառնալէն քանի մը տարի ետք՝ զոհը գացին 1915-ի Եղեռնի, տեղահանութեան, ջարդերուն: 19 թեմեր, 156 եկեղեցիներ, 110 առաքելութիւններ, 148 դպրոցներ, 32 վանքեր, 6 դպրեվանքեր, 300 քահանաներ, 270 կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ ու հազարաւոր հաւատացեալներ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան 200 տարիներու վաստակը, հայ ժողովուրդին հետ քանդուեցան, տեղահան եղան, նահատակուեցան:

Եղեռնէն ետք տասանորդուած հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին վարակազմակերպելու եւ անթեմ մնացած Եպիսկոպոսներուն վիճակ մը որոշելու նպատակով, 1928-ին, Հռոմի Եպիսկոպոսաց Բանակցական Ժողով մը գումարուեցաւ, որուն ընթացքին, ի մէջ այլոց, որոշում առնուեցաւ Պէյրութը հռչակել Պատրիարքական Թեմ (ամբողջ Լիբանանը ընբռնող) եւ պատրիարքական Աթոռը Զմմառ վերադարձնել, որ նոյն տեղէն մեկնած էր շուրջ 60 տարիներ առաջ, լի՛ յոյսերով:




Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ