Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2008 - Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կը Մասնակցի Կաթողիկէ Պատրիարքներու 18-րդ Համաժողովին

Լիբանան

Երկուշաբթի՝  24 Նոյեմբեր 2008-ին, Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու 18-րդ Համաժողովին սկսաւ,Պքրքիի մէջ, որուն հիմնական նիւթն է Ս. Պօղոսի կեանքն ու առաքելութիւնը, իր ծննդեան 2000 ամեակի առթիւ: Բացումը կատարուեցաւ Ս. Պատարագով նախագահութեամբ Մարոնիթ Պատրիարք Նասրալլա Կարդինալ ՍՖէյրի:
Համաժողովին կը մասնակցի Մարոնիթ Պատրիարք Նասրալլա Կարդինալ ՍՖէյր, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Պատրիարքներ Լահհամ (Յոյն Կաթողիկէ), Թուալ (Լատին), Միշէլ Սապպահ եւ Գասարճի իբրեւ ներկայացուցիչ Տելլի պատրիարքին(Գելտան) եւ Անթոնիոս Նակիպ:
Բացման ժողովին ներկայ էր Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ՝ կար‎դ. Լէօնարտօ Սանտրին:
Համաժողովին 7-րդ նիստին միջ-եկեղեցական հանդիպում տեղի ուեցաւ, մասնակցութեամբ ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղցւոյ ներկայացուցիչներու: 
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ՛ընկերակցին Զմմառու միաբանութեան մեծաւոր եւ պատրիարքական Փոխանորդ` Հայր Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ