Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2012 - Կիրակնօրեայ խօսքը. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»

 

Սիրելի՛ ընթերցող, երէկ «Առաջաւորի Բարեկենդան» յորջորջեալ կիրակին էր, որուն յաջորդող հինգ օրերը կը կազմէին քրիստոնէացած հայերուն առաջին ծոմապահութիւնը` հաստատուած մեր հաւատքի հօրմէն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն:
Այս կիրակին կարդացուեցաւ չորրորդ աւետարանիչին` Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն հատուածը, որ սուրբգրային մեկնաբանութեան մէջ կը խորագրուի. «Յիսուս կը քալէ ծովին վրայ» (Յովհ 6, 15-21):
Մեր հայ մատենագրութեան մէջ Աստուծոյ տրուած ամէնէն բնորոշ եւ Յիսուս Քրիստոսի համար յաճախագոյն կիրառուած մակդիրներէն մին է «մարդասէր» որակական ածականը:
Մարդասէր ու գթասիրտ Աստուածամարդը` Յիսուս Քրիստոս նոր հրաշագործած էր հացերու բազմացումը եւ կերակրած` հազարաւոր անօթիներ (Յովհ 6, 1-14):
Մարդասէրին սքանչելագործութիւնն ապրելով` ժողովուրդը յայտարարեց, թէ Յիսուս «այն մարգարէն էր, որ աշխարհ պիտի գար» իբրեւ ազատարար իր ազգին, փրկիչ` մարդկութեան…:
Երախտապարտ ամբոխը որոշեց «թագաւոր» հռչակել իրենց հրաշագործ Բարերարը, բայց Քրիստոս «առանձին լեռ քաշուեցաւ» աղօթելու եւ ըլլալու համար իր երկնաւոր Հօր հետ լոկ:
Առաջին` Յիսուս Քրիստոս, տիեզերքին ՂԵԿԱՎԱՐԸ, եւ ո՛չ` փոքր երկրի մը, կերակրեց իրենց հետեւողները, իսկ Հայաստանի ղեկավարները ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ կը կերակրեն իրենց հայրենակիցները, որ կը ստիպուին հեռանալ հայրենիքէն ի խնդիր հացի եւ ապրուստի…
Երկրորդ` յագեցած ժողովուրդը իրաւացիօրէն ուզեց թագաւորեցնել զինք Կերակրողը, իսկ մեր հայրենակիցները, որոնք ընտրութիւններուն նախասեմը թեւակոխած են արդէն, թող մտաբերեն իրենց կենսամակարդակը նուազագոյնի իջեցնող ղեկավարներուն ապօրինի ու թաքթաքուր կածաններով դիզած հարստութիւնը…
Երրորդ` ժողովուրդէն ընտրեալ մեր ղեկավարները թող կպած-կառչած չմնան իրենց իշխանութեան եւ աթոռին, յատկապէս երբ ո՛չ «հրաշագործ» են իրենց ազգին եւ ո՛չ «բարերար» են իրենց երկրին, այլ` միայն իրենց եսին ու գրպանին համար անփոխարինելի՜…
Չորրորդ` առօրեայի մեր հեւքին մէջ գիտնանք գտնել եւ յատկացնել պահիկ մը միայն ու միայն Աստուծոյ, որ «ձեր երկնաւոր Հայրն է», կը յայտարարէ Մարդասէրը, «եւ չ՛ուզեր, որ կորսուի մէկը ձեզմէ»:
Արդ, հասայ վերտառութեան. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» (Յովհ 6, 20):
Առաւել կամ նուազ` ծանօթ եմ կրօններու պատմութեան ու տեսութեան, բայց այսպիսի յայտարարութեան մը չեմ հանդիպած անոնց «սրբազան մատեաններ»-ուն մէջ: Չէի կրնար ալ հանդիպիլ, քանի այս վճռակամ համարձակութեամբ եւ գործօն ինքնավստահութեամբ յայտարարել կրնար միայն Աստուած, որ մարդացաւ ու սիրեց իր ստեղծած մարդը:
Ընդհանուր պատմութեան ընթացքին եւ նոյնիսկ եկեղեցական տարեգրութեան մէջ վխտացին եւ կը վխտան դէմքեր ու գործիչներ, որոնք թէպէտ կրկնելով եւ երեքկնելով` շեփորեցին իրենց «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»-ը, բայց եւ այնպէս ոչ միայն չկան այսօր, այլ նաեւ անարձագանգ, անհետ ու անյայտ են…
«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող Աստուածամարդը, որ նաեւ նրբանկատ է ու գերզգայուն` իր մարդ եղբօր եւ քրոջ հանդէպ, յար ապացուց ու կ՛ապացուցանէ իր հզօրութիւնը:
«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող Աստուածամարդը, որ նաեւ մտածող է ու սրտաբաց` իր մարդ եղբօր եւ քրոջ հանդէպ, միշտ փաստեց ու կը փաստէ իր մարդասիրութիւնը:
Ականատես եւ ականջալուր աւետարանիչին պատմագրութեամբ, ինչպէս ալ պատահած դէպքին իր ներկայութեամբ` Սուրբ Յովհաննէս պարզ ու համոզիչ բառերով կը հաստատէ, թէ զօրաւոր հովին դէմ նաւարկող եւ ալեկոծ ծովին մատնուած աշակերտներուն օգնութեան հասաւ Յիսուս, որ` «ծովին վրայէն քալելով նաւակին կը մօտենար» (Յովհ 6, 19):
«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող Աստուածամարդը, որ կ՛ուզէ մարդերուս բարօրութիւնը լոկ, ոչ միայն քալեց (Մարկ 6, 49), այլ նաեւ քալել տուաւ ջուրին վրայէն (Մատթ 14, 25), խլելով զարմանահար ներկաներուն երկրպագու դաւանումը. «Արդարեւ, դո՛ւն ես Աստուծոյ Որդին» (Մատթ 14, 33):
«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող Աստուածամարդը, որ գործեց եւ զոհուեցաւ մեր երջանկութեան համար, իր հրաշքով ոչ միայն զարմացուց ժողովուրդը, այլ նաեւ աշակերտներուն նաւակն ելլելով` «հովն անմիջապէս» դադրեցուց (Մարկ 6, 51):
«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» յայտարարող միայն Աստուծորդիին` Յիսուս Քրիստոսի հետ կրնանք ընդունիլ խաղաղութիւնն ու պահել անդորրութիւնը մեր առօրեային, ինչպէս ալ ապահովել նաւարկումը դէպի նաւահանգիստը մեր նպատակին (Յովհ 6, 21):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ