Պէյրութ, Լիբանան
Ընթացիկ տարուան Յունիսին, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ “Հայ Մանկավարժ” ուսումնագիտական եւ մանկավարժական եռամսեայ հանդէսի երկրորդ` “գարուն 2010” թուագրեալ համարը` հրատարակութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի “Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի” կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին: Առաջին համարը լոյս տեսած էր Փետրուարին:
Հանդէսի այս համարը կը պարունակէ մանուկներու հոգեբանութեան, մանկավարժական տեսութեան, գործնական մանկավարժութեան եւ հայերէն լեզուի ուսուցման վերաբերող ութ տարբեր գրութիւններ` ստորագրուած նշեալ մարզերուն մէջ մասնագիտական պատրաստուածութիւն ունեցող հեղինակներու կողմէ, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական բնոյթի գրութիւններ` վերջաւորութեան:
Յետ խմբագրականին, “Մանկավարժական Հինգ Հարցեր” խորագրեալ առաջնորդող գրութեամբ մը, որ ամփոփումն է “Հայ Մանկավարժ” հանդէսի հիմնադրութեան նուիրուած հանդիսութեան իր արտասանած խօսքին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ` վերապտուելի դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան կ’առաջադրէ քննարկումը մանկավարժական հրատապ հինգ հարցերու, որոնք կը ծառայեն իբրեւ կարեւորագոյն որոշիչներ` մանկավարժական առաքելութեան:
Յաջորդ գրութիւնը` “Ուսուցիչներու կեցուածքը` ընդգրկման հանդէպ” վերնագրով, ստորագրուած է ԱՄՆ Օքլահոմայի համալսարանի հոգեբանութեան դոկտորի թեկնածու, նոյն համալսարանին կից` մանուկներու մօտ օթիզմի երեւոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար տիկին Անի Պաղտայեանի կողմէ:
Մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասախօս Տիկին Շաղիկ Խիւտավերտեան ներկայացուցած է “Ներմղում” վերնագրեալ յօդուածը, ցոյց տալու համար նշեալ գործօնին վճռական նշանակութիւնը` աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութիւններուն, մանկավարժին գործունէութեան եւ աշակերտին ուսումնառութեան գործընթացին մէջ:
“Հայ Մանկավարժ”-ի այս համարին մէջ կը կարդանք հարցազրոյց մը տարրական դասարաններու համար նախատեսուած հայերէն լեզուի “Չորս եղանակ” խորագիրով դասագիրքի հեղինակ տիկին Աղաւնի Ֆստըգճեան-Առաքելեանի հետ: Ապա, “Հայ Մանկավարժ”-ի խմբագիր տիկին Եւա Գորէսեանի թարգմանութեամբ ներկայացուած է ամերիկացի հոգեբան-մանկավարժ Քէն Շորի մէկ ամփոփ վերլուծութիւնը` դասի գրաւոր քննութեան ընթացքին աշակերտներու կողմէ կատարուող օրինազանցման փորձերը կանխարգիլելու մասին:
“Հայ Մանկավարժ”-ի այս համարով, հայերէն լեզուի դասագիրքերու հեղինակ Պրն. Կարօ Առաքելեան կը բանայ “Պահպանենք Մայրենին” շարքը, որ, հեղինակին բնորոշմամբ, “ուղղուած է բոլոր անոնց, որոնք նախանձախնդիր են իրենց հայերէնը սրբագրելու, յղկելու եւ զարգացնելու”:
Համարի մասնագիտական նիւթերու շարքի վերջաւորութեան, ուսուցիչներու համար ներկայացուած են համացանցի աղբիւրներ` աշակերտներու նկարագրային կազմաւորման ուսուցման վերաբերեալ: Համարը կը փակուի “Հայ Մանկավարժ”-ի շնորհանդէսին եւ անոր պատասխանատուներուն Հայաստան կատարած աշխատանքային այցելութեան մասին տեղեկատուական ակնարկներով: Հրատարակուած են նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի, կրթութեան նախարար պրն. Արմէն Աշոտեանի եւ Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական
մանկավարժական համալսարանի նախագահ պարոն Արտուշ Ղուկասեանի ուղերձները` հանդէսի հիմնադրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ հասած արձագանգներ` առաջին համարի բովանդակութեան մասին: Հրատարակուած կը տեսնենք նաեւ բառարան` համարին մէջ օգտագործուած մասնագիտական որոշ եզրերու:
“Հայ Մանկավարժ”-ի երկրորդ` “գարուն 2010” թուագրեալ համարը կը բաղկանայ 72 էջերէ: Հանդէսը այսուհետեւ պիտի հրատարակուի 1000 տպաքանակով: Հանդէսը արդէն իսկ ունի իր ելեկտրոնային տարբերակը www.yudu.com կայքէջին վրայ: Անիկա շուտով պիտի ունենայ նաեւ իր պլոկը` քննարկումներու համար:
“Հայ Մանկավարժ” ստանալու, անոր բաժանորդագրուելու կամ աշխատակցելու համար կարելի է դիմել Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ, հեռաձայն` 961 1 570559, հեռատիպ` 961 1 570562, ել.հասցէ` [email protected]
“Հայ Մանկավարժ”ի առաջին տարուան առաջին համարի / ձմեռ 2010 / ամբողջական բովանդակութեան կարելի է ծանօթանալ այցելելով համացանցի վրայ հետեւեալ էջը`
http://content.yudu.com/Library/A1obmi/12010/resources/index.htm?referrerUrl=http%3A%2F%2Fwww.yudu.com%2Fitem%2Fdetails%2F185903%2F---------------------------------------------1----------2010