Պէյրութ
Երեքշաբթի, 22 մարտ 2011, կէսօրուան ժամը 12-ին, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ «Ակնկալութիւններ նոր պատրիարքէն» վերնագրով, Լիբանանի կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնին մէջ։
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նոր փոխ-նախագահ՝ հայր Էլի Մատի, Լիբանանի կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնի տնօրէն՝ տէր Ապտօ Ապու Քասմ, պետական երեսփոխան Սիմոն Ապի Րամիա եւ այլ հոգեւոր, մտաւորական դէմքեր ու լրագրողներ։ Նշենք, որ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն`հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մասնակցեցաւ այս մամլոյ ասուլիսին։
Հանդիպման ելոյթ ունեցաւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Րամիա, որ անդրադառձաւ մարոնիթ նորընտիր պատրիարքէն ակնկալուած հիմնական դերակատարութեան մասին, լիբանանեան ազգային համերաշխութեան ամրապնդման եւ համաքրիստոնէական սերտ գործակցութեան ծիրերուն մէջ, մանաւանդ ներկայ անկիւնադարձային հանգրուանին։ Երեսփոխանը նշեց տարբեր մարտահրաւէրները, որ կը դիմագրաւենք Լիբանանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս՝ համայնքային քաղաքական դրութեան ջնջումը եւ քաղաքային ժողովրդավար վարչակարգի մը հաստատումը, միջ-կրօնական երկխօսութիւնը, եւն…
Ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան միջամտութիւններ՝ մարոնիթ սփիւռքեան իրականութեան մասին եւ առաջադրանքներ ներկայացուեցան այս առթիւ։
Հանդիպման աւարտին, կեդրոնի տնօրէն՝ տէր Ապու Քասմ, նշեց այն հովուապետական պատասխանատուութիւնները եւ մարտահրաւէրները, որ կը գտնուին նորընտիր պատրիարքին առջեւ. ինչպէս նաեւ ան անդրադառձաւ նոր պատրիարքին «հաղորդութիւն եւ սէր» բնաբանին, ցոյց տալով անոր հաւատքը՝ երկխօսութեան եւ սիրոյ, հայրենիքէն եւ Եկեղեցիէն ներս։