Արհի. Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի Թեմի Առաջնորդութեան,
Առաքինազարդ Հայ քոյրեր
Սիրեցեալ զաւակներ ի քրիստոս,
Սրտի հայրական ուրախութեամբ ձեզ կ’ողջունեմ բոլորդ:
Այսօր՝ Աստուծոյ շնորհքով ձեր մէջ կը գտնուիմ ընդառաջելով ձեր ժրաջան Առաջնորդին եւ ինծի շատ սիրելի Տէր Նշան Արք. Գարաքէհէեանի, որ յատուկ կերպով ինծի հրաւէր ուղղեց ձեզի այցելելու համար եւ իրազեկ դառնալու ձեր հոգեւոր, եկեղեցական եւ հովուական վիճակին կեանքին:
Սովետական վարչաձեւի ժամանակ, դուք զրկուած էիք հոգեւոր մխիթարութիւններէ եւ սրբազան խորհուրդներէ: Այսուհանդերձ, Աստուծոյ շնորհքը անպակաս եղաւ ձեր վրայէն եւ կարողացաք դիմագրաւել ծանր պայմաններ ձեր հաստատուն հաւատքով եւ ձեր հաւատարմութեամբ Քրիստոսի եւ սուրբ Եկեղեցւոյ: Ապօրէն եւ անաստուած վարչակարգը անցեալի կը պատկանի այլեւս, որովհետեւ միայն Աստուած յաւիտենական է: Ինչ որ սխալ է օր մը կը կործանի: Այսպէս եղաւ համայնավար վարչաձեւին:
Մօտ 3 ամիս առաջ առիթը ունեցայ Հայաստան գալու նորընտիր Նախագահ՝ վսեմաշուք Սերժ Սարգիսեանի երդման հանդիսութիւններուն առիթով բայց չկարողացայ ձեզի գալ: Այս առաւօտ հասայ Հայաստան եւ առաջին այցելութիւնը ձեզի համար վերապահեցի:
Ինծի համար ուրախութիւն է ձեզ տեսնել, ձեզի այցելել, ձեզ լսել, ձեզի հետ աղօթել եւ ձեր բարի դիտաւորութիւններուն համար այս Սուրբ Պատարագը մատուցանել:
Ընթերցուած՝
1. Ս. Պօղոս կը յորդորէ մեզ որ երբ մեր գործերը ուզենք դասաւորել, ամէն բանէ առաջ, կ’ըսէ, աղօթքներ, խնդրանքներ, պաղատանքներ եւ գոհութիւններ կատարենք: Անկէ ետք միայն միւս գործերը կատարենք, որպէսզի մեր աշխատանքը արդիւնաբեր ըլլայ:
Օր մը Անձ մը ինծի ըսաւ՝ երբ օրս աղօթքով սկսիմ, յաջող կ’անցնի, նուազ կը ջղայնանամ, ուրիշներուն հետ յարաբերութիւնս աւելի հեզասահ կ’անցնի: Որով՝ սովորութիւն առի, որ ամէն օր գործի չգացած՝ աղօթեմ, նոյնիսկ երբ աճապարանօք ըլլամ եւ կարեւոր գործեր պիտի կատարեմ: Նախ աղօթքը, նախ Աստուածը, որմէ ամէն շնորհք կը ստանանք:
2. Ս. Պօղոս կ’ըսէ նաեւ, որ Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին եւ ճանչնան ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ մեղաւորները պիտի փրկուին, քանի ամէնքս մեղաւոր ենք, բոլորս: Պէտք է անշուշտ ապաշխարել եւ Քրիստոսի հաւատալ:
Մեզի բոլորիս համար Յիսուս Իր կեանքը զոհեց որպէսզի մենք երջանիկ ըլլանք, ուժը ունենանք ներելու, խոնարհութիւնը ունենանք ճանչնալու մեր սխալները եւ յանցանքները եւ ամէն մարդ սիրելու:
Աւետարանը իմացանք՝ Հեթանոս հարիւրապետին խոնարհութիւնը եւ մանաւանդ անոր հաւատքը:
- «Արժանի չեմ որ յարկիս տակ մտնես» - այս շնորհքը չեմ կրնար պահանջել, նոյնիսկ եթէ հարիւրապետ եմ, նոյնիսկ եթէ կարեւոր մարդ եմ, որովհետեւ մեղաւոր մըն եմ, արժանի չեմ:
- «Խօսք մը միայն ըսէ եւ իմ մանուկս պիտի բուժուի»: Այս հարիւրապետը տարակոյս չուներ Յիսուսի բարութեան եւ կարողութեան վրայ: Կը հաւատար իրեն եւ հաւատքը զինք արժանի դարձուց հրաշքի եւ Իր զաւկի բուժումին: Յիսուս արդէն ըսած էր. «ինչ որ խնդրէք Հօրս Իմ անունով պիտի տայ ձեզի»: Ահա փաստը, ահա Յիսուսի Խօսքը կ’իրականանայ:
- Աղօթքի պայմանը հաւատքէն զատ՝ յարատեւութիւնն է, այսինքն շարունակ կերպով աղօթել եւ չցանցրանալ եւ չյուսահատիլ: Եթէ ոչ, աղօթքը առուտուր կը դառնայ: Եթէ ոչ պիտի կարծես որ դուն քու ուժովդ լուծումին հասար: Եւ ոչ թէ Աստուծոյ շնորհքով:
Ձեզի պատգամ մը կ’ուզեմ թողուլ. աղօթեցէ՛ք ամէն օր, որովհետեւ Սուրբ Գիրքը զայն կը խնդրէ մեզմէ: Աղօթեցէ՛ք ամէն օր, որովհետեւ յաճելի է խօսիլ Յիսուսին հետ, քանի զինք շատ կը սիրենք: Չկայ սուրբ մը կամ սրբուհի մը որ աղօթքը չէ սիրած: Աղօթեցէ՛ք որպէսզի ճանչնաք ձեր յանցանքները եւ անոնց համար Աստուծմէ ներում խնդրէք ներում: Աղօթեցէ՛ք՝ Աստուծոյ գոհութիւն տալու այն ամէն շնորհքին համար որ ձեզի պարգեւած է: Աղօթեցէ՛ք նաեւ անոնց համար որ կ’ըսեն թէ ժամանակ չունին աղօթելու կամ չեն աղօթեր: Աղօթեցէ՛ք Եկեղեցւոյ դիտաւորութիւններուն համար, որոնք անհամար են: Աղօթեցէ՛ք մանաւանդ իրարու համար, որպէսզի իրարու հետ միշտ սիրով ըլլաք: Ես ձեզի համար յատուկ կերպով պիտի աղօթեմ: Աստուած ձեզ օրհնէ: