Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2013 - Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Աւետման եկեղեցւոյ վերանորոգութիւն
Աշրաֆիէ

2012-ի նոյեմբերին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Աւետման ժողովրդապետական եկեղեցւոյ աջ պատերուն վրայ յայտնուած խոնաւութեան նշաններու դարմանումի գործերը յայտնաբերեցին աւելի խոր եւ վտանգաւոր երեւոյթ մը, որ կը վերաբերի պատերուն հիւսիւածքին, ապա եւ սիւներուն մէջ գործածուած կիրէ նիւթին տկարութիւնը: Այսու Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ օրհնութեամբ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան սկսաւ աշխատանքներուն, խորհուրդը հարցնելով համայնքիս ճարտարապետներէն ոմանց:

Ուստի ծեփահան եղան մատրան կողմնակի պատերը եւ սիւները: Ապա ամրացուեցան կրաղիւսով եւ կաւով եւ պնդուեցան օժանդակ փոքր եւ մեծ քարերով: Ապա նաեւ առ այժմ սիւներուն տրուեցան նոր չափեր աւելի փոքր, լայնցնելու համար նստարաններուն միջեւ եղած անցքը:
Այս աշխատանքներուն պիտի հետեւին այլ աշխատանքներ աւելի կոկիկ եւ ամփոփ հայաշունչ եկեղեցիի մը հեռանկարով մօտ ապագային:

Ժողովրդապետ հայրը ըսաւ. «Հաւատքի տարւոյն ընթացքին այս նորոգութիւնը նութական օրինակը թող ըլլայ եւ արտացոլացումը այն ներքին նորոգութեան եւ աւելի հասուն հաւատքի վկայութեան ժողովրդապետութենէն ներս»: Ապա հայր Վարդան հրաւիրեց կայքէջին միջոցաւ մեր ընթերցողները, մասնակցելու Աւետման տօնին սուրբ Պատարագին, երկուշաբթի 25 մարտ 2013 երեկոյեան ժամը 7-ին: Պատարագը պիտի մատուցանէ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:

Յիշենք, որ 1934 Ապրիլ 28-ին կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի մատրան օրհնութիւնը, ձեռամբ Ամենապատիւ Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան կաթողիկոս պատրիարքին եւ այն մատուռը նուիրուեցաւ Սրբոյ Կուսին Աւետման խորհուրդին:
2014-ին ժողովրդապետութիւնը կը պատրաստուի տօնակատարելու մեծ հանդիսութեամբ եկեղեցւոյ 80 ամեակը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ