Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2015 - Լիբանանահայ վարժարաններու աննախընթաց միացեալ հանդիսութիւն

 

Պէյրութ

Բարձր հովանաւորութեամբ երեք հայ համայնքապետերուն, հովանաւորութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, նախագահութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար էլիաս Ապու Սաապի եւ կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան  100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, շաբաթ, 9 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու աւարտական դասարաններու հունձքի հանդիսութիւն, նուիրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին։ Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Եղիայեան, ՄԱՀԱԵ Միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ պատ. Րաֆֆի Մսըրլեան,  կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար էլիաս Ապու Սաապի ներկայացուցիչ Խալիլ Սայքալի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, «Կոկիկեան» հիմնարկի նախագահ Միշել Կոկիկեան, պետական երեսփոխաններ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու, ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք օրուան հանդիսավար Արամ Գարատաղլեան հրաւիրեց 296 շրջանաւարտները, որոնք բեմ բարձրացան «Սարդարապատ» ի յաղթերգի հնչիւններուն ներքեւ։

Բացման խօսքը արտասանեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներ Նազելի Աւագեան՝ հայերէնով, իսկ Արտա Եանիքեան՝ արաբերէնով։ Նազելի Աւագեան աննախընթաց ու պատմական նկատեց սոյն հանդիսութիւնը, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններ առիթն ու պատեհութիւնը կ'ունենան միասնաբար աւարտական հանդէս կատարելու եւ իրենց հունձքը մեր ժողովուրդին ներկայացնելու։ «Այսօր հայ դպրոցն է, որ կը մեծարուի։ Հայեցի դաստիարակութիւնն է, որ կ'արժեւորուի, որովհետեւ անգամ մը եւս կը հաստատուի այն ճշմարտութիւնը, թէ հայ դպրոցը միայն ուսում եւ կրթութիւն փոխանցելու վայր մը չէ, այլ նաեւ հայապահպան օրրան մըն է եւ ազգակերտումի սրբազան դարբնոց մը», շեշտեց Աւագեան՝ աւելցնելով, որ ներկայ 296 վկայուող աշակերտներուն մէջ անկասկած ներկայ են մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակները՝ իրենց մտածումներով, կամքով ու տեսիլքով։ Աւագեան 296 շրջանաւարտներու մէկ յարկի տակ համախմբուիլը իրարմով գօտեպնդուելու իւրայատուկ եւ հպարտալի երեւոյթ մը նկատեց՝ շեշտելով, որ այս օրը յաղթանակի օր է լիսանանահայութեան համար, որովհետեւ այս շրջանաւարտները կու գան միանալու 100 ամեայ մեր երթին՝ նոր եռանդ, նոր ուժականութիւն եւ կորով տալու համար հայութեան եւ Հայաստանին ի խնդիր ի գործ դրած մեր ջանքերուն, կու գան նոր աւիւն եւ նոր խանդավառութիւն տալու լիբանանահայութեան եւ անոր ազգային կեանքի զարգացման ծրագիրներուն։ Արտա Եանիքեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ազգերու պատմութիւնը լեցուն է տառապանքներով ու չարչարանքներով, պատմութիւնը վկայ է, որ մեր հայրենիքը եւս հեռու չէ այս իրականութենէն։ Հայ ազգը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան, սակայն այս արարքը պատճառ եղած է, որ հայութեան հաւատքը զօրանայ եւ առաւել եւս ան կառչի ազգապահպանման իր առաքելութեան։ Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան  100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը որոշած է լիբանանահայ բոլոր վարժարաններու երկրորդական բաժինի աշակերտներուն խորհրդանշական վկայականներ յանձնել, որովհետեւ մեր աշակերտները մեր ապագայի յոյսն են եւ իրենցմով է, որ պիտի իրականացնենք մեր երազներն ու յոյսերը։ Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ Եանիքեան յորդորեց զիրենք չմոռնալ իրենց պատմութիւնը, որ արեւելքին շնորհեց յատուկ մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն։ «Մենք ողջ ժողովուրդ ենք, կը հաւատանք կեանքին եւ կ'ապաւինինք Աստուծոյ։ Մեր նախահայրերուն զոհողութիւնները հասցուցին ձեզ այս մակարդակին՝ իրականացնելով ձեր երազները։ Հետեւաբար գիտակից եղէք ձեր պատասխանատուութիւններուն», յորդորեց Եանիքեան եւ եզրափակելով իր խօսքը Լիբանանին մաղթեց խաղաղութիւն եւ յարատեւ վերելք։

Շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Մհեր Գաբլանեան՝ հայերէնով եւ Մարիա Մարտիրոսեան՝ արաբերէնով։ Մհեր Գաբլանեան եզակի նկատեց սոյն պահը եւ ըսաւ, որ իրենց ուսումնառութեան 15 տարիներուն բնաւ չէին պատկերացուցած, թէ նման հանդիսութեամբ մը պիտի վկայուէին հայ դպրոցէն։ Ան նկատել տուաւ, որ տարբեր միջավայրերէ եւ տարբեր վարժարաններէ եկած են բոլորը, սակայն զիրենք միացնող առիթը Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակն է, համահայկական մեր դատն ու տեսլականն է, ազատ մարդու, անկախ պետականութեան եւ միացեալ հայրենիքի գաղափարն է։ «Մենք կը ներկայացնենք Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն  չորրորդ սերունդը։ Թշնամին ուզեց մէկ հայ ձգել, այն ալ՝ թանգարանին մէջ։ Այսօր մենք 296 հայ ենք, ոչ թէ թանգարանին մէջ, այլ պատմութեան մա՛յր էջին վրայ», հաստատեց Գաբլանեան՝ աւելցնելով, որ մենք ներկայ ենք մեր դպրոցներով, կրթական մշակներով, պահապան զինուորներն ենք մեր մշակոյթին եւ ունինք հայկական հարուստ քաղաքակրթութիւն։ Ան նաեւ շեշտեց, որ «յաղթեցինք մեր կրթական փայլուն պատրաստութեամբ, մեր հայեցի դաստիարարկութեամբ, մեր ճակատագիրին տէրը ըլլալով եւ շնորհիւ մեր ծնողներուն, որոնք վստահեցան հայ դպրոցին»։ Մարիա Մարտիրոսեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին եւ Շուշիի ազատագրութեան  տօնին զուգահեռ, հաւաքուած ենք ստանալու մեր վկայականները, որոնք մեր դիմաց պիտի բանան կեանքի նոր հորիզոններ։ Մարտիրոսեան ըսաւ, որ 100 տարի առաջ թուրքը ծրագրուած ձեւով ջարդեց հայ ազգը եւ կարծեց, որ մեր մտաւորականները սպաննելով պիտի բնաջնջէ մեզ, սակայն մենք վերստին ծնանք փիւնիկի նման։ «Մենք կը ներկայացնենք ազգ մը, որ չի մոռնար եւ միշտ հաշիւ կը պահանջէ», հաստատեց Մարտիրոսեան՝ աւելցնելով, որ մենք չենք ողբար մեր անցեալին վրայ, որովհետեւ անցեալը մեզի կը սորվեցնէ ապագան կերտել, եւ ան որ անցեալ չունի՝ ներկայ եւ ապագայ ալ չունի։ Ան հաստատեց, որ հայութիւնը կը յարգէ իր պատմութիւնը, կը պահէ իր ազգութիւնը եւ կը դիմադրէ մինչեւ իր վերջին շունչը։ «Կ'ուխտենք, որ պիտի շարունակենք մեր նախահայրերուն կտակը, պիտի կրենք ջահը եւ կերտենք փառքով լեցուն պատմութիւն մը», եզրափակեց Մարիա Մարտիրոսեան։

Այնուհետեւ խումբ մը շրջանաւարտներ մեկնաբանեցին Անահիտ Սիմոնեանի «Իմ Հայաստան» երգը, որուն փորձերուն հետեւած էր Գայեանէ Մարկոսեան։ ՄԱՀԱԵ Միութեան կեդրոնական մարմնի ատենապետ պատ. Րաֆֆի Մսըրլեան իր պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական ծրագրուած ոճիր նպատակադրած էր ոչ միայն հայը արմատախիլ ընել իր պապենական հողէն եւ հայրենիքէն, այլ նաեւ քանդել եւ ոչնչացնել հայ ժողովուրդի դարերու մշակոյթը եւ ջնջել գոյատեւելու որեւէ կարելիութիւն՝ աւելցնելով, որ ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութիւնը կը գերակշռէ 1915 թուականը եւ իր անմիջական ազդեցութիւնը ունի հայ ժողովուրդի յաջորդ 50 տարիներու զարգացման վրայ։ Պատուելին հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլային հայ ժողովուրդի իրականութիւնը, մշակոյթը, զարգացումը եւ պատմութիւնը, եթէ ցեղասպանութիւնը չիրագործուէր: Ան շեշտեց, որ 100 ամեակի ոգեկոչման մէջ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ ցեղասպանութեան ճանաչման, պահանջատիրութեան եւ իրաւունքներու հատուցման պայքարի շարունակման անհրաժեշտութեան վրայ, որոնց մէջ իր դերը ունի 100 ամեակի շրջանաւարտներու այս սերունդը։ Պատ. Մսըրլեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Կառչա՛ծ մնացէք մեր լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին եւ արժէքներուն։ Հաւատարի՛մ եղէք մեր արդար դատին ու իրաւունքներուն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեա՛մբ շարունակեցէք մեր պայքարը»։ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Եղիայեան արաբերէնով իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան գործած աւերին՝ հաստատելով, որ հայ ժողովուրդը զոհ գնաց 20-րդ դարուն գործուած առաջին ցեղասպանութեան, որ մինչեւ օրս ուրացումի եւ ժխտողականութեան ենթարկուած է Թուրքիոյ կողմէ։ Ան շեշտեց, որ սոյն վկայականաց բաշխումը ապտակ մըն է՝ ոճրագործներուն ուղղուած։ «Դուք հունձքն էք 100 ամեակին։ Դուք հունձքն էք Լիբանանի փայլուն ապագային։ Դուք հունձքն էք իրաւունքին եւ արդարութեան։ Դուք հունձքն էք լոյսին եւ ազատութեան։ Դուք մեր հպարտութիւնն ու յոյսն էք», հաստատեց Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Եղիայեան։

Ապա խումբ մը շրջանաւարտներ ներկայացուցին բանաստեղծական կտորներու փունջ մը, որուն փորձերուն հետեւած էր Իրմա Տէտէեան։ Այնուհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն յայտնեց, որ զիրենք մէկ բեմի վրայ համախմբուած տեսնելը անփոխարինելի ուրախութիւն պատճառող փորձառութիւն է։ Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ մեզ կանխող սերունդները չլուծուեցան, չձուլուեցան, այլ կեանք կերտեցին, որպէսզի հաւատարիմ մնան մեր ազգութեան անցեալին, մեր հաւաքական տեսիլքներուն, իղձերուն եւ պատմութեան։ «Այս պահը ձեզ կը դնէ պատմութեան պատասխանատուութեան դիմաց։ Ազգային միեւնոյն գիտակցութեամբ եւ նուիրումի կամքով ու տեսիլքով վարեցէք ձեր կեանքը։ Գալիք ժամանակներուն մեր հաւաքական կեանքը նորոգեցէք եւ ամրացուցէք սիրոյ, միութեան եւ գործակցութեան ցանկալի նոր ընթացքով», շեշտեց սրբազանը՝ մաղթելով, որ այս շքեղ տեսարանը պատահականութիւն չմնայ իրենց կեանքին մէջ, այլ վերածուի մնայուն հոգեվիճակի մը՝ յորդորելով զիրենք իրենց շնորհներով ու կարողութիւններով ծառայելու հայ ազգին եւ իրենց նուիրումի օրինակին ընդմէջէն պատիւ բերելու Լիբանանին, հայութեան ու Հայաստանին, ինչպէս նաեւ զօրակցելու հայ վարժարանին, որպէսզի անոր ամրութիւնը չխախտի եւ մեր ինքնութիւնը չաղաւաղուի։ Աւարտին հանդիսավարը վարժարան առ վարժարան հրաւիրեց շրջանաւարտները, որպէսզի ստանան իրենց վկայականները։ Հանդիսութեան մասնակցող հայկական վարժարաններն էին՝ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, Ազգային ՅառաջԳ. Կիւլպենկեան վարժարան, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Մեսրոպեան արուեստից վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. ԽաչԳ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, ՀԲԸՄ Դարուհի Յովակիմեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճ։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ